ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՉՔԱՒՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ
Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հիմնադրութենէն (1984) էն ի վեր, իր նիւթական նպաստը կը բերէ Մերձաւոր Արեւելքի Վարժարաններուն մէջ նպաստընկալ ուսանողներու թիւին համաձայն, դպրոցին 300 տոլար կրթանպաստ հայթայթելով:
Մեր դպրոցներուն մէջ կը պահենք աւելի քան 100 սան-սանուհիներ եւ օգտակար կը դառնանք մեր կրթական օճախներուն, որ բաց պահեն իրենց դռները անխտիր բոլորին համար: