Աւելի լաւ է տալը,
քան թէ առնելը
Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի.
Քանի իմ այս եղբայրներուս փոքրագոյններէն մէկուն ըրիք՝ ինծի՛ ըրիք»:
Աւետարան ըստ Մատթէոսի 25.40

Մեր Առաքելութիւնը
Մեր առաքելութիւնն է մեր ժողովուրդին ֆիզիքական եւ հոգեւոր կարիքներուն ծառայել, թէ՛ Գանատայի եւ թէ ծովերէն անդին: Համաշխարհային այս առաքելութիւնը կատարելու համար, մենք սերտօրէն կը գործակցինք Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ)-ն հետ, օժանդակելու համար շարք մը կրթական, աւետարանչական, նպաստի, ընկերային ծառայութեան, եկեղեցիներու եւ մանկական խնամքի հոգատարներուն աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ: Մեր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը կարելի դարձաւ Աստուծոյ շնորհիւ, ինչպէս նաեւ անհատներու նուիրատութիւններով եւ եկեղեցիներու միջոցով:
Մեր Մասին
Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԳՀԱԸ) Պետականօրէն ճանաչում ստացած բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է:
Մենք մեր արտօնագիրը #890624190 RC0001 ստացած ենք 7 Սեպտեմբեր, 1984-ին:
«Երանի՜ անոր՝ որ չքաւորին ուշադրութիւն կը դարձնէ.
Ձախորդութեան ժամանակ Տէրը պիտի ազատէ զինք». Սաղմոս 41.1։
Շնորհակալ ենք ձեր հոգատարութեան համար
ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒՄԻ 3 ՁԵՎ
Դարձի՛ր Կամաւոր Այսօր
Դուն քու ժամանակդ եւ կարողութիւններդ կրնաս ներդնել Հայաստանի մէջ բնակող կարիքաւոր մարդոց ծառայելու գործին մէջ։
Կ’Օգնենք Հայաստանի եւ Սփիւռքի Մեր Հայրենակիցներուն
«Որովհետեւ անօթեցայ՝ եւ ուտելիք տուիք ինծի, ծարաւցայ՝ ու խմցուցիք ինծի, օտարական էի՝ ներս ընդունեցիք զիս»…
Մատթէոս 25:35

Նորութիւններ
«Միասին Լիբանանահայութեան Կողքին» Հանգանակային, Բարեգործական Համերգ
Լիբանանը կ՛ապրի անապահով եւ անորոշ ժամանակներ՝ խորացուած ճգնաժամերով եւ թշնամիին շարունակական հարուածներով:
Միասին Լիբանանահայութեան Կողքին
Համերգը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 24 2024-ին Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի Համազգային Թատերասրահին մէջ (Hamazkayin Theater of the Armenian Youth Center — 50 Hallcrown Pl, North York, Ontario):
Գիրքի Շնորհանդէս
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս»
«Միասին Արցախահայութեան Կողքին». AMAC-ի Թորոնթոյի Բարեգործական Համերգը
Ապրիլ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք Սեպտեմբեր 2023 թուականը Հայոց Պատմութեան ամենայ տխուր էջը արձանագրեց, երբ բռնի կերպով Արցախահայութիւնը Էթնիք զտմամբ տեղահան եղաւ, իր դարաւոր արդար ժառանգութիւնը ետին թողելով ու Հայաթափելով Արցախը։ Մեր բոլորին մտքերուն մէջ յաւիտեան...
Project Revive: ԱՀԱԸ-ը Կը Մեկնարկէ Աննախադէպ Վերականգնողական Նախագիծ Արցախահայերու Համար
Կոչ կ’ընենք ձեզի ձեր շարունակական աջակցութեան եւ աղօթքներուն համար։ Ձեռք ձեռքի տուած մենք պիտի օգնենք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն յաղթահարել այս դժուարին ժամանակը։
Տեսիլքի մը Վերականգնումը – Քէմբ ԱՐՄԷՆ
Հիմնարկէքի Արարողութիւն Նոյեմբեր 4, 2023 «Եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները» – Սաղմոս 127. 1։ Այս Սուրբ Գրային համարով Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Արք. Մաշալեան սկսաւ իր պատգամը ուղուած ներկաներուն՝ Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2023-ին, Իսթանպուլի...

Միասին Ծառայե՛նք Մեր Ժողովուրդի Կարիքներուն
1 416 434 5809; 1 514 947 2346
«
Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ ինչպէս որոշած է իր սիրտին մէջ,
ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ հարկադրաբար. որովհետեւ Աստուած կը սիրէ ցնծութեամբ տուողը:
2 Կորնթացիս 9.7