Լիբանանը կ՛ապրի անապահով եւ անորոշ ժամանակներ՝ խորացուած ճգնաժամերով եւ թշնամիին շարունակական հարուածներով: Ծանր տնտեսական պայմանները լուրջ եւ անմիջական ազդեցութիւն ձգած են լիբանանահայ համայնքին վրայ։

Այս իրավիճակը դիմագրաուելու նպատակով՝ Գանատայի Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (AMAC), իր հիմնադրութեան 40-ամեակի առիթով, նախաձեռնեց հանգանակային, բարեգործական համերգ՝ օգնութեան ձեռք մեկնելու տառապանքներ կրող լիբանանահայ գաղութին:

«Միասին Լիբանանահայութեան կողքին» խորագրով հանգանակային համերգը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 24 Նոյեմբեր. 2024-ին, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական կեդրոնի Համազգային Թատերասրահէն ներս, որուն գլխաւոր հովանաւորն էր Տիար Սարգիս Մարանճեանը։

(AMAC)-ի 40 ամեակին նուիրուած այս հանգանակային, բարեգործական համերգի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներն էին՝ Տոքթ. Անի Հասըրճեան, Սօնա Յովսէփեան (յայտագրի գեղարուեստական ղեկավար), Հռութ Տեմիրճեան Տէնիք, Պէթթի Գրաճեան Եփրեմեան, Յարութ Ներսէսեան, Տէրըն Կեցոյեան, Արա Տէր Յարութիւնեան, Րէմի Կրկէս եւ Խաչիկ Օհաննէսեան: Անոնք ամիսներ շարունակ աշխատեցան սոյն ձեռնարկ յաջողութեան համար։

Յանձնախումբի անդամ՝ Տօքթ. Անի Հասըրճեանը, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուներուն, մասնակցող բոլոր երաժիշտներուն եւ Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի տնօրէնութեան: Նաեւ Տօքթ. Հասըրճեանը անդրադարձաւ ձեռնարկի նպատակին եւ խրախուսեց Գանատահայերը, յիշեցնելով Սուրբ Գրային պատգամը, թէ՝ «Աւելի լաւ է տալը, քան առնելը»։

Պատուելի Զօհրապ Սարգիսեանի աղօթքէն ետք սկսաւ գեղարուեստական ծրագիրը, «Սփիւռքի Ձայն» քառեակի կատարմամբ: Անոնք ստեղծեցին զուարճալի ու ջերմ մթնոլորտ, որը ներկաներուն փոխադրեց երազային Հայաստան: Քառեակի անդամները՝ Սեւակ Յաութիւնեան, Նուէր Ղազարեան, Թորոս Մայդոսեան եւ Լեւոն Գարակիւլեան, ներկայացուցին աշուղական, պարային եւ ազգային երգերու գեղեցիկ շարաններ՝ գրաւելով բոլորի սրտերը։

Յայտագիրը կ’ընդգրկէր նաեւ Թորոնթոյի հանրածանօթ կիթառահար Լեւոն Իշխանեանը եւ անոր տաղանդաւոր երգչուհի դուստր՝ Թալին Իշխանեանը։ Տուտուկահար` Սէյրան Ղազարեանը ճոխացուց համերգը իր հմայիչ կատարումներով։

Համազգային Գլաձորի մասնաճիւղի «Էրեբունի» պարախումբը, պարուսոյց Նելլի Կարապետեանի առաջնորդութեամբ, միացաւ տղոց երգերու ընթացքին՝ ներկայացնելով հրաշալի պարային կատարումներ։

Համերգի աւարտին, Տոքթ. Անի Հասըրճեանը, յանձնախմբի անունով, մէկ անգամ եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի մասնակիցներուն: Ան պարգեւատրման համար բեմ հրաւիրեց համերգի գլխաւոր հովանաւոր՝ Տիար Սարգիս Մարանճեանը որ հսկայ նուիրատուութիւն մը կատարած էր իր տիկնոջ՝ Տիկին Հայկուհի Մարանճեանի բարի յիշատակին համար: AMAC-ի անունով գնահատագրի պարգեւատրումը կատարուեցաւ Տոքթ․ Անի Հասըրճեանի եւ տիար Անդիպաս Լուսարարեանի ձեռամբ:

Տոքթ. Անի Հասըրճեանը նաեւ կարդաց ԳՀԱԸ-ն ուղղուած երկու շնորհաւորանքի նամակներ՝ գրուած Վարչապետ Ճասթին Թրուտօյի եւ Արիս Պապիկեանի կողմէ:

Պարգեւատրումէն ետք, ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը՝ AMAA-ի եւ AMAC-ի ծրագիրներէն մէկը՝ Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանը։ Տեսերիզէն ետք՝ բոլոր ներկաները վառած մոմեր բարձրացուցած ունկնդրեցին երգեր որոնք ստեղծեցին հիասքանչ եւ ազդեցիկ մթնոլորտ:

Եզրափակելով՝ AMAC-ի կազմակերպած հանգանակային եւ բարեգործական համերգը ցոյց տուաւ թէ գանատահայերը անվերապահօրէն պատրաստ են աջակցելու Լիբանան գտնուող հայերուն՝ միասնաբար դիմակայելու դժուարութիւնները եւ վերականգնելու մեր Լիբանանի համայնքը։