Ապրիլ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք Սեպտեմբեր 2023 թուականը Հայոց Պատմութեան ամենայ տխուր էջը արձանագրեց, երբ բռնի կերպով Արցախահայութիւնը Էթնիք զտմամբ տեղահան եղաւ, իր դարաւոր արդար ժառանգութիւնը ետին թողելով ու Հայաթափելով Արցախը։
Մեր բոլորին մտքերուն մէջ յաւիտեան փորագրուած պիտի մնայ, Կոռնիձորի անցակետով հազարաւոր Արցախահայերու ինքնաշարժներու անծայրածիր «Քարավանը» 1915-ի տարագիրներու շարանին նման։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (The Armenian Missionary Association of America-AMAA) իր 1918-ի հիմնադրութեան Առաքելութեան հաւատարիմ մնալով միշտ կը շարունակէ «Աջակցիլ հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ նիւթական կարիքներու բարելաւման, ոգեշնչելով եւ ծառայելով հայ ազգի զաւակներուն նաեւ կարօտեալներուն ամէնուրէք»։
1984-ին հիմնադրուած Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (The Armenian Missionary Association of Canada-AMAC) սատար կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին նոյն առաքելութեամբ։
Նման շատ մը Հայ Բարեսիրական Ընկերակցութիւններուն, AMAA-ը եւ AMAC-ին զանազան Ձեռնարկներ կազմակերպելով իրենց նիւթաբարոյական զօրակցութեամբ կը շարունակեն օժանդակել Հայաստան ապաստան գտած Արցախահայութեան։
AMAC-ին «Միասին Արցախահայութեան կողքին» թէմայով Համերգներ կազմակերպեց որոնցմէ առաջինը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 2 Մարտ 2024, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ։ Գեղարուեստական յայտագրին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին խումբ մը տաղանդաւոր եւ սիրուած երաժիշտներ։
Փօլ, Էտ եւ Անթիպաս Լուսարեան ընտանիքի իշխանական $75,000-ի նուիրատութիւնը միանալով միւս հանգանակութիւններուն մեծապէս պիտի նպաստէ Արցախահայութեան «REVIVE» Կեցութեան եւ Կենսապահովման նախագիծի կիրարկման։
Ստորեւ կարելի է կարդալ, Թենի Նիկողոսեանի հոդուածը։