Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) կը շարունակէ յառաջ մղել իր առաքելութիւնը՝ ձեռնարկելով երկու նոր ծրագիրներ Հայաստանի մէջ.-  Շտապ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ աջակցութիւն Սեպտեմբերի 19-ի գրոհի հետեւանքով Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն:

Project Revive կեցութեան եւ կենսապահովումի իր ծրագիրով ԱՀԱԸ-ը նպատակ ունի աջակցիլ տեղահանուած ընտանիքներուն՝ վերականգնելու իրենց բնականոն կյանքը եւ հոգալու երկարաժամկէտ կարիքները։

Այդ նպատակով Լոռիի, Շիրակի, Տավուշի, Սյունիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ ապաստանած արցախցի ընտանիքներուն ծրագիրը կը նախատեսէ աջակցիլ.

  • տուներու վարձավճարներու փոխհատուցումով,
  • վերանորոգումով,
  • կեդրոնացուած համայնք ձեւավորելու նպատակով առաւել խոցելի ընտանիքներուն բնակելի տան ապահովմամբ
  • կենսապայմաններու բարելաւման միտուած վերապատրաստումներով,
  • գոյքի կամ սարքերու տրամադրութիւնով,
  • փոքր աշխատանքներ հիմնելով
  • աշխատանքի տեղաւորման հարցերու աջակցութեամբ,
  • գիւղատնտեսական զարգացման զօրացումով,
  • Հոգեբանական ծառայութիւններու մատուցմամբ
  • եւ, ըստ կարիքի, այլ կառոյցնեու ուղղորդութեամբ։

Միանուագ աջակցութեան ծրագրի շրջանակին մէջ, Արարատի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Արմավիրի, Վայոց Ձորի մարզերուն եւ Երեւանի մէջ ապաստանած ընտանիքները կը ստանան նիւթական օգնութիւն՝ հոգալու իրենց միջնաժամկետ կարիքները։

Կոչ կ’ընենք ձեզի ձեր շարունակական աջակցութեան եւ աղօթքներուն համար։ Ձեռք ձեռքի տուած մենք պիտի օգնենք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն յաղթահարել այս դժուարին ժամանակը։

Նուիրաբերել