«Վասն զի անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք»
Մաթ. 25.35
Գանատայի Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութիւնը կ’ողջունէ Մոնթրեալի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիին (ՄՀԱԱԵ) միսիոնարական ոգին: Եկեղեցին աշխոյժօրէն կը կատարէ կարգ մը առաքելական ծրագիրներ:
2015-ին, ընտանիքներու հոսանքներ սուրիական պատերազմէն փախչելով, իրենց ապաստանը գտան Մոնթրէալի մէջ: Եկեղեցին, ղեկավարութեամբը աւագ հոգեւոր հովիվ, Վեր. Ճօրճ Տապպոյի, ոչ մէկ ճիգ խնայեց օգնելու համար նորեկները, որպէսզի հաստատուին իրենց նոր միջավայրին մէջ: Եկեղեցւոյ անձնակազմը եւ կամաւորները օգնեցին որ անոնք բնակարաններ եւ կահոյք ձեռք բերեն, փոխադրուին իրենց նոր տուները եւ ծանօթանան քաղաքին եւ կառավարութեան ծառայութիւններուն:
Մէյ մը որ անոնք հաստատուեցան, ընտանիքները կարիք ունեցան շարունակական օգնութեան: Եկեղեցին անտարբեր չգտնուեցաւ անոնց կարիքներուն: 2015-ի նոյեմբերին ՄՀԱԱԵ սկսաւ երկու շաբաթը անգամ մը սնունդի ծրագիր մը, որ նպարեղէն կը բաշխէր 350 կարիքաւոր ընտանիքներու:
Սուրիացի ապաստանեալները այժմ ինքնաբաւ են: Սակայն, տակաւին քաղաքը կացարան է շատ մը կարօտեալ անհատներու եւ ընտանիքներու, որոնք աղքատութեան գիծէն վար են: Եկեղեցին որոշած է այս ծրագիրը շարունակել եւ յոյժ կարօտեալներուն հասցնել Աստուածահաճոյ օժանդակութիւն:
Մինչեւ այսօր Առաջին եկեղեցիի 40 կամաւորներ ծրարած եւ բաժնած են 550 թօն նպարեղէն $2,500,000.-ի արժողութեամբ:
Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ որ Եկեղեցին Յիսուսի անունով կարօտեալներուն օգնութեան կը հասնի: