«Ո՛չ թէ ինչպէս մենք կը յուսայինք, հապա իրենք զիրենք ալ տուին՝
նախ Տիրոջ, ու յետոյ մեզի՝ Աստուծոյ կամքով» (Բ. Կորնթացիս 8:5):
Հին Կտակարանին մէջ ուր որ դառնանք, մարգարէին կամ սաղմոսերգուին, միշտ կը հանդիպինք այն ճշմարտութեան՝ թէ Աստուած է Տէրը ամէն բանի, եւ մարդը՝ պարզապէս վերակացու մը: Հին Կտակարանին հեղինակները միշտ կը հաստատէին այն իրողութիւնը՝ թէ մարդուն իրաւունքը որեւէ բանի համար «այս իմս է» ըսելու հիմնուած է իր կարողութեան վրայ ըսելու թէ «Ինք Աստուծոյ կը պատկանի»:
Ուրեմն, Աստուծոյ հանդէպ իրենց երախտագիտութիւնը ցոյց տալու համար, մարդեր ամէն բանի տասանորդը Աստուծոյ նուիրելու դրութիւնը որդեգրեցին, միաժամանակ ընդունելով որ Ինքն է Տէրը եւ աղբիւրը բոլոր բարիքներուն: Այսպէս ընելով անոնք առատօրէն օրհնուեցան: Ոչ թէ դրամը կարեւոր է Աստուծոյ աչքին, հապա՝ մարդը: Եթէ շրջենք «դրամ» բառը կազմող գիրերը եւ հակառակ կողմէն կարդանք, ի՞նչ բառ կը կազմուի եթէ ոչ «մարդ»: Հետաքրքրական զուգադիպութիւ՞ն մը: Թերեւս:
Արդեօք, Սրբազան Պօղոս Առաքեալ Կորնթոսի Եկեղեցիին գրած իր նամակին մէջ ինչպէ՞ս կը ներկայացնէ այս հարցը: Նախ ան բարձրօրէն կը գնահատէ Մակեդոնիոյ Եկեղեցին, որ Կորնթոսի Հիւսիսը գտնուող աղքատիկ Եկեղեցի մը կարծուի ըլլալ: Առաքեալը՝ անոնց կը դիմէ հետեւեալ բառերով.- «Եղբայրնե՛ր, ձեզի կը տեղեկացնենք Աստուծոյ շնորհքին մասին, որ տրուած է Մակեդոնեայի Եկեղեցիներուն» (Բ. Կորնթացիս 8:1):
Շնորհքը, աստուածային այն սէրն է որ առատօրէն կու գայ եւ կը բաշխուի մարդերու նոյնիսկ, երբ շնորհքը ստացողը արժանի իսկ չէ անոր իր կեանքովն ու ապրելակերպով: Մակեդոնիոյ եկեղեցիներուն մէջ արտակարգ արթնութիւն մը կար Աստուծոյ շնորհքներուն հանդէպ: Երբ անոնք իրենց աչքերը բացին, գիտակցեցան թէ ինչ որ էին, ինչ որ ունէին եւ ինչ որ ըլլալու յոյսը ունէին՝ արդիւնքն էր Աստուծոյ անսակարկ սիրոյն եւ առատաձեռն նուէրին: Աստուած կու տայ մեզի ոչ թէ անոր համար որ ստիպուած է տալու, ինչպէս երբեմն ոմանք կը կարծեն, հապա կու տայ՝ անոր համար որ Ան կը սիրէ տալ:
Այս շնորհքին ձրի պարգեւ մը ըլլալու գաղափարը գեղեցկօրէն ներկայացուած է Գանատայի նահանգներէն՝ Սասքաչուանի Լուտերական Եկեղեցիներէն մէկուն խորանին վրայ: Հոն կը տեսնենք արուեստագէտի մը գործը որ Սբ.Երրորդութիւնը՝ Հայրը, Որդին եւ Սբ. Հոգին ներկայացնելէ ետք, դիտողին առջեւ կը պարզէ նաեւ զոյգ մը ձեռքեր՝ Աստուծոյ ձեռքերը որոնք դէպի վար բացուած են, ցոյց տալու Անոր առատօրէն եւ ձրիօրէն բաշխելու յատկութիւնը եւ Անոր անսակարկ սէրը մեր բոլորին հանդէպ:
Յակոբոս Առաքեալ իր նամակին Ա. Գլխուն 17րդ համարին մէջ կը գրէ.- «Ամէն բարի նուէր եւ ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն կ՛իջնէ լոյսի Հօրմէն»:
Այս բաց ձեռքերու պատկերը քրիստոնէական վարդապետութեան գիծով մեզ կը տանի աշխարհի ստեղծագործութեան, ըստ որուն Աստուած է մեր գոյութեան պատասխանատուն: Քանի որ մեր գոյութիւնը հիմնուած է Աստուծոյ կամքին եւ ուժին վրայ եւ առանց Անոր կեանք գոյութիւն պիտի չունենար, կրնանք առանց վերապահութեան եզրակացնել թէ վերջին հաշուով Աստուած է Տէրը ամէն բաներու: Այս կէտն է որ սաղմոսերգուն կը յայտարարէ 50րդ սաղմոսին մէջ.-«Որովհետեւ Իմս են անտառին բոլոր գազանները, հազարաւոր լեռներուն անասունները: Ես կը ճանչնամ լեռներուն բոլոր թռջունները, ու դաշտի գազանները Իմ քովս են: Եթէ անօթենամ՝ քեզի պիտի չըսեմ. Քանի Իմս է երկրագունդը, նաեւ անոր լիութիւնը» (Սաղմոս 50: 10-12): Այսպէս կոչուած փոքր մարգարէներէն Անգեայ իր գիրքին 2րդ գլխուն 8րդ համարին մէջ կը գրէ.- «Արծաթը Ի՛մս է, ոսկի՛ն ալ Իմս է կը պատգամէ զօրքերու Տէրը»: Նոյնիսկ մեր բնատուր տաղանդները որոնցմով կը գործենք, կը ծառայենք, կ՛աշխատինք եւ դրամ կը շահինք, Աստուծոյ նուէրներն են մեզի մեր գործածութեան համար տրուած: Մենք պարզապէս տնտեսներ ու վերակացուներ ենք միայն: Երբ օր մը աշխարհահռչակ ջութակահար Ֆրիդս Քրիսլըր (Fritz Kreisler) կը գովուէր իր լաւ նուագելուն համար ան ըսաւ.- «Իմ երաժշտութեան տաղանդս Աստուծոյ մէկ նուէրն է ինծի: Որքան որ ձուկը իր լաւ լողալուն համար գովուելու պէտք չունի, նոյնպէս ես իմ լաւ նուագելուս համար: Ասոնք աստուածատուր պարգեւներ են մեզի»:
Տիեզերքը վայելելու, կեանքը ապրելու, մեր տաղանդներն ու կարողութիւնները օգտագործելու եւ մեր օրական ապրուստը շահելու համար՝ այս բոլորը՝ Աստուծմէ շնորհքներ եւ ձրի պարգեւներ են մեզի՝ ժամանակաւորապէս տրուած՝ եւ միայն Իրեն կը պատկանին: Առանց Իրեն՝ մեր կեանքերը իմաստ մը պիտի չունենան եւ պիտի դադրին գոյութիւն ունենալէ: Պահ մը լրջօրէն մտածենք: Եթէ կը հաւատանք որ Աստուած բացարձակ Տէրն է տիեզերքին եւ ամէն բան հաստատուած է Իր կամքին համաձայն, Ի՞նչպէս դուն եւ ես գոռոզաբար կրնանք ըսել՝ «Իմ հողերս, իմ դրամս, իմ գործս, իմ ժամանակս կամ իմ կալուածներս»: Ըսել թէ կը հաւատամ երկնի եւ երկրի ստեղծողին եւ հայթայթողին, կը նշանակէ թէ ամէն ինչ որ ունինք Անոր պարգեւած շնոհքն է եւ նուէրը: Կալուածներս, կեանքս՝ 40, 60, 75 կամ 80 եւ աւելի տարիները որ կ՛ապրիմ, տաղանդներս եւ կարողութիւններս որոնցմով կը գործեմ եւ կը շահիմ, իմս չեն: Վերջին հաշուով անոնք Աստուծոյ կը պատկանին եւ անոնց աղբիւրը Աստուծոյ բաց ձեռքերն են:
Այս ճշմարտութիւնն էր որ Մակեդոնիոյ Եկեղեցին լաւ հասկցած էր կըսէ Պողօս Առաքեալ իր նամակին մէջ: Հաւատացեալին հաւատարիմ տնտեսութեան կեանքը կը սկսի, երբ ան գիտակցի թէ ինչ որ ունի եւ է՝ Աստուծոյ սիրոյն եւ առատ շնորհքին արդիւնքն են: Երբ Մակեդոնիոյ Եկեղեցիին հաւատացեալները գիտակցեցան այս ճշմարտութեան, եզրակացուցին որ իրենց կեանքերը իրականութեան մէջ Աստուծոյ կը պատկանին եւ ուստի Իրեն համար գործածուելու են: Շատ կարեւոր եւ յատկանշական է որ անոնք առատ նուէրներ տալէ առաջ, կը գրէ Առաքեալը, «Իրենք զիրենք ալ տուին՝ նախ Տիրոջ, ու յետոյ մեզի՝ Աստուծոյ կամքով»:
Այստեղ տեսնուած փոփոխութիւնը հիմնականին մէջ, դերանուններու փոփոխութիւն մըն է: Փոխանակ ըսելու իմ կեանքս, իմ ժամանակս, իմ դրամս կամ իմ կարողութիւններս, Մակեդոնացիները ըսին Իր՝ (Աստուծոյ) տուած կեանքը, Իր ժամանակը եւայլն, քանի որ անոնք խորապէս կը հաւատային որ Ան է աղբիւրը բոլորին եւ Իր շնորհքովն է որ ունէին ինչ որ ունէին: Ո՛չ հարցը դրամը չէ, հարցը այն է որ մենք որու՞ կը պատկանինք: Անգամ մը որ այս կէտը կարենանք յստակացնել մեր միտքերուն մէջ, մնացեալ կէտերը իրենց տեղերը կը գտնեն:
Ճիշդ հոս է Սբ. Գրային իմաստը քրիստոնէական տնտեսութեան՝ եւ հաւատարիմ տնտեսի մը պատկերը՝ երեւան կ՛ելլէ: Տնտեսը պատասխանատու է իր տրամադրութեան տակ եղած հարստութեան եւ պարտաւոր է հաշիւ ներկայացնելու իր Տիրոջ:
Տնտեսին այս հասկացողութիւնը քրիստոնեային կեանքին հետ բաղդատելով՝ կը տեսնենք թէ այնպէս մը հաւատալու ենք թէ աշխարհը որու վրայ կ՛ապրինք, այն տարիները որ ունինք ապրելու եւ շնչելու, տաղանդներն ու կարողութիւնները որ ունինք եւ կը գործածենք, եւ բոլոր պատեհութիւնները որ տրուած են մեզի աշխատելով դրամ շահելու, որպէս նուէր մեզի շնորհուած Աստուածային սիրոյ արտայայտութիւններ են:
Ըստ քրիստոնէական մեր հաւատքին անոնք մեզի վստահուած եւ պարտքի տրուած են, լաւագոյն ձեւով գործածուելու համար: Որպէս հաւատարիմ տնտես մը, Քրիստոնեան պարտի Աստուծոյ կամքին համաձայն հսկել անոնց շիտակ գործածութեան: Քրիստոնեային կեանքը իրեն չի պատկանիր, հապա՝ Աստուծոյ: Վերակացու ենք ուրիշի պատկանող ապրանքի մը որուն գործածութեան համար օր մը հաշիւ պիտի տանք: Այս է տնտեսութեան ճշմարիտ իմաստը: Քրիստոնեան որպէս հաւատարիմ տնտես մը պատասխանատու է նաեւ այս երկրին՝ որ յետագայ սերունդներուն պիտի փոխանցուի: Ան պէտք է զգոյշ ըլլայ իր ժամանակին եւ իր դրամին գործածութեան, եւ վերջապէս իր ընդհանուր վարուելակերպին եւ ապրելակերպին:
Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ.- «Իրենք զիրենք ալ տուին՝ նախ Տիրոջ»: Այս գաղափարներուն լոյսին տակ, ի՞նչ է արդեօք իմաստը Կիրակի օրեր մեր կատարած նուիրահաւաքին: Առաքեալը՝ Հռովմ. 15: 16 համարին մէջ «ընդունելի ընծայ» բառերը կը գործածէ: Լաւ հասկնալու համար մտաբերելու ենք Հին Կտակարանինն մէջ յիշուած սովորութիւն մը՝ որու ընթացքին տաճարին մէջ զոհ կը մատուցանէին: Այս արարողութեան կարեւորագոյն մասը այն էր, երբ զոհ մատուցանողը իր ձեռքը կը դնէր զոհին գլխուն վրայ, որպէս նշան իր մասնակցութեան զոհուող կենդանիին միջոցով, այն գիտակցութեամբ որ այդ ընելով իր անձն ալ կը զոհէր կամ կ՛ընծայէր Աստուծոյ: Կիրակի օրեր պաշտամունքի ընթացքին մեր տուած նիւթական նուէրներն ալ, զոհաբերութեան պատկերին պէս, մեր զոհերն են եւ մեր մասնակցութիւնը այս զոհաբերութեան: Որոշ նպատակի մը համար հանգանակութիւն մը չէ կամ մեր աւելցուքէն հանուած Աստուծոյ տրուած նուէր մը չէ, հապա գիտակցօրէն Աստուծոյ պատկանելու նշան մըն է:
Ոչ, սիրելիներ, Աստուծոյ Եկեղեցին մեր դրամին ետեւէն չէ՝ ինչպէս ոմանք կը խորհին: Այդ մէկը շատ դիւրին եւ չնչին բան մը պիտի ըլլար: Քրիստոս մեր անձերը կ՛ուզէ, մեր կեանքերը կ՛ուզէ, եւ երբ այս հասկացողութեամբ նուիրումի քայլը առնուի, Աստուծոյ Եկեղեցիին գործն ալ նիւթական գետնի վրայ յառաջ կը տարուի: Երբ այս ընծայումի իմաստը լռիւ հասկնանք, պիտի ըմբռնենք նաեւ որ պաշտամունքին կարեւորագոյն մասը այն ատենն է , երբ հաւաքուած ընծաները հաղորդութեան սեղանին վրայ կը դրուին: Քանի որ ճակտի քրտինքով շահած դրամդ որ զոհասեղանին վրայ է՝ քու նուիրումիդ չափը կը ներկայացնէ: Այլ խօսքով այդ սեղանին վրայ քու դրամդ դուն ես, եւ երբ այդ ընծաները Աստուծոյ կը ներկայացուին, անոնք քու տնտեսութիւնդ կը ներկայացնեն: Քու ամբողջ կեանքդ Աստուծոյ եւ Իր նպատակներուն համար զոհելու պատրաստակամութիւնդ կը յայտնեն: Յիշէ թէ Առաքեալը ինչ ըսաւ Մակեդոնացիներուն մասին: Անոնք՝ իրենք զիրենք ալ տուին նախ՝ Տիրոջը, եւ իրենց նիւթական նուէրներն ալ միացնելով կազմուեցաւ ամբողջական նուէրը: Առաքեալը կը շարունակէ.- «Ոչ թէ ինչպէս մենք կը յուսայինք, հապա իրենք զիրենք ալ տուին նախ Տիրոջ, ու յետոյ մեզի՝ Աստուծոյ կամքով»: (Բ. Կորնթ. 8: 5)
Ո՛չ, հարցը դրամը չէ: Հարցը այն է որ դուն եւ ես կը հասկնա՞նք որ այս կեանքը Աստոպծոյ կողմէ ժամանակաւորապէս պարտքի տրուած է մեզի, եւ թէ՝ օր մը մենք հաշիւ պիտի տանք մեր կեանքերուն համար: Որպէս վերակացուներ համարատու ենք Աստուծոյ ամէն բանի համար՝ ինչպէ՞ս կը խօսինք, ինչպէ՞ս կ՛աշխատինք: Կը գործածե՞նք թէ կը ծառայենք մարդերուն, եւ այո՛, բոլոր այն բաներուն համար որոնց առաջին տեղը կու տանք երբ մեր դրամը կը գործածենք: Այո, դրամը կը խօսի, ան կը խոսի մեզի համար առաջնակարգ եղած բաներուն մասին, մեր նախասիրութիւններուն մասին:
Ո՛չ, հարցը դրամը չէ այսօր: Հարցը այն է որ մենք որո՞ւ կը պատկանինք, եւ ինչո՞ւ կ՛ապրինք:
Միհրան Ճիզմէճեան
Թորոնթօ, 21 Մայիս, 2023