«Յոյսով ուրախացիր, համբերող եղիր փորձութեան մէջ, յարատեւէ աղօթքի մէջ»: Հռոմէացիներ 12:12
Գրեց՝ Զաւէն Խանճեան, ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն
Ձեռք-ձեռքի, յոյս եւ փորձութիւն տարբեր աստիճաններու, կը շարունակեն գրաւել գործարանական օր մը այն երկիրներուն մէջ ուր ԱՀԱԸ ծառայութիւններ կը մատուցէ: Որոշները բնական փորձութիւններ են, որոնք կեանքի մաս կը կազմեն որեւէ տեղ: Ուրիշներ ահազանգող մասնիկներ են մարդոց կողմէ յղացուած, բարձրագոյն աստիճանի նախամտածուած չարութեան, նպատակ ունենալով ցաւ եւ տառապանք պատճառել, որպէս նախերգանք ցեղասպանութեան:
AMAA-ի Լրատուն կը ներկայացնէ պատմութիւններ, որոնք կը մատնանշեն իրականութիւններ, որ կը պատկանին իւրաքանչիւր հանգամանքի: Ահաւասիկ պտոյտ մը դաշտի մը մէջ, որ անպայմանօրէն կանաչ մարգագետին մը չէ:
Հարաւային Ամերիկա. Հայկական համայնքներն ու Հայ Աւետարանական եկեղեցիները միշտ եղած են մեր առաքելութեան կիզակէտին մէջ, ամէն պարագայի մեր հաղորդակցութիւնն ու օժանդակութիւնը եղած են հեռակայ, վերջինը ըլլալով շրջանին անձնական այցելութեամբ մը 1997-ին: ԱՀԱԸ-ն ներկայացնող խմբակ մը կտրեց մեկուսացումը, շրջանցեց առանձնութիւնը համայնքներու՝ Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Պրազիլիոյ, երկշաբաթեայ այցելութիւն մը տալով անոնց 2023-ի փետրուար ամսուն, ծանօթանալու անոնց իրավիճակին եւ անոնց ֆիզիքական եւ հոգեկան կարիքներուն: Մենք մեզի հետ յոյս տարինք դիմակայելու համար մարտահրաւէրները, ուր տիրող մշակոյթը վնասած էր լեզուին, մշակոյթին եւ ազգային գիտակցութեան: Երբ պատմութիւնը կարդաք, ձեռք-ձեռքի տուած Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանականբ Միութեան հետ, ԱՀԱԸ-ը կառուցողական դարմաններ կը ներմուծէ զօրացնելու համար այս համայնքները, վերականգնելու համար երիտասարդական ղեկավարութիւնը եւ խարսխելու համար մշակութային եւ ազգային դիմագիծը: Յոյսով ցնծանք:
Մերձաւոր Արեւելք. Տակաւին չապաքինած տասնամեայ կործանիչ պատերազմէն եւ լրիւ ճնշուած աննախադէպ տնտեսական տագնապէն, մեր համայնքները Սուրիոյ մէջ նոր աղէտի մը դէմ հանդիման գտնուեցան, փետրուար 6, 2023-ի մահացու երկրաշարժին: Մահ, աւեր ու քանդում եւ շարունակուող ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներով ամբողջացած, Սուրիոյ ժողովուրդը ենթարկուած է անմարդկային վիճակի եւ հասած անյուսութեան եզրին: Քաոս, անիշխանութիւն, սուր սղաճ եւ դրամի արժեզրկումը կը շարունակուի դրացի Լիբանանի մէջ: Հսկայ զանգուածներ կը պայքարին իրենց սեղանին վրայ հաց ունենալու համար, առաւել ելեկտրական հոսանքի, դեղօրայքի եւ կեանքի տարրական կարիքներու բացակայութիւն:
ԱՀԱԸ-ը մօտէն կը հետեւի մեր համայնքներու վիճակին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ եւ անմիջական օգնութիւն կը տրամադրէ օժանդակելու համար ուսումի, սնունդի եւ բժշկական հոգատարութեան, տարեկան օժանդակութեան յատկացումէն շատ աւելիով: ԱՀԱԸ նաեւ առիւծի բաժինով իր մասնակցութիւնը բերաւ մեր հիմնարկներու մեծամասնաութեան ելեկտրականութիւնը փոխարինելով արեւային ներոյժի սալիկներով, լուծելով ելեկտրականութեան տագնապն ու անոր ծախսը: Յոյսով ցնծանք:
Հայաստան եւ Արցախ. 2020-ի Արցախեան պատերազմէն ի վեր, ծայրայեղ յօռետեսութեան ալիք մը կար Հայրենիքի եւ Սփիւռքի որոշ շրջանակներու մէջ: Այսօր Արցախի անկախութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը կախուած են օդէն, ամբողջական անվստահութեամբ անոր ապագային նկատմամբ: Նոյնիսկ ներկան տժգոյն է: Դեկտ. 12, 2022-էն ի վեր ազերիական պաշարումով, որուն յաջորդեց զինուորական անցակէտը Բերձորի (Լաչինի) միջանցքին, Արցախը կը մնայ գերին ազերիական ռեժիմին, որ ցեղասպանութեան ախորժակ ունի:
Հայաստանն ալ իր բաժինը ունի ոչ բարիդրացիական վերաբերմունքով, յարձակումներով, եւ իր բանակին ու ժողովուրդին, մատղաշ երիտասարդութեան զոհաբերումով: Որքան որ ողբերգական է ու ցաւալի իրավիճակը, ԱՀԱԸ երբեք նպատակ չունի անդամալուծուելու, սգալու եւ ողբալու:. Թող ուրիշները սգան: Մենք Օգնութեան հասնելու անկոտրում ոգի մը ունինք աջակցելու հայրենիքին, Արցախի դռներուն մօտ որեւէ առիթ օգտագործելու եւ օգնութիւն փութացնելու, մեր հաւատքը խարսխելով ամենակարող Աստուծոյ, հաւատալով ժողովուրդի կամքի ոյժին եւ Հայրենիքի պայծառ ապագային:
ԱՀԱԸ կը դիմագրաւէ փորձութիւնները համբերութեամբ եւ հաւատքով եւ կ՛երջանկանայ մեր ժողովուրդին մէջ սերմանած յոյսով, ամէուրէք, ուր կը հասնի անոր ծառայութեան ձեռքը ամբողջ աշխարհի մէջ: Շնորհակալութիւն որ մեզի միացած էք հաւատքով եւ աղօթքներով, որպէսզի քաջաբար շարունակենք մեր առաքելութիւնը:
Մայիս 19, 2023
Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա