Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան յարգելի բարեկամներ,

Ինչպես ձեզ տեղեկացուցինք, Կիրակի, Մայիսի 7ի առաւօտ, Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, հրդեհի պատճառով մեծ վնասներ կրեց: Այս դէպքէն ազդուած, այդ եկեղեցւոյ մէջ մեծցած, Թորոնթոյի բնակիչ եւ Թորոնթոյի Հայ համայնքի առաջնորդներէն Պրն. Յակոբ Ճանպազեան շատ ազդեցիկ եւ սրտափուխ յօդուած մը գրած է, որը հրապարակուած է Պէյրութի Ազդակ օրաթերթին մէջ: Այսու, ձեր ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ յօդուածը:

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Այս առաւօտ, անակնկալօրէն՝ ցնցումով եւ խոր ցաւով իմացանք մեր ծննդավայր Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ահաւոր եւ աննախադեպ հրդեհի պատճառած մեր հոգեւոր տան աներեւակայելի վնասներուն եւ հոգեբանական ձեր ցնցումներուն մասին։

Ահաւոր է պատահածը անգին եկեղեցասէրներ։ Աղէտ՝ աղէտի ետեւ։ Յոբի համբերութիւնն անգամ պիտի սպառէր, սակայն Քրիստոսակեդրոն մեր հաւատքն ու Անոր վստահելու փորձառութիւնը Մուսալերցիներս վայելած ենք ու ազատուած ստոյք բնաջնջումէ։ Մենք կը հաւատանք Ամենակարող Տէրը անգամ մը եւս մեզ պիտի զօրացնէ, որ վերանորոգենք ու վերականքնենք Այնճար հայ աւանի Աւետարանական եկեղեցւոյ 83-ամեայ հաւատքի բերդը հայկեան։

Աստուածապարգեւ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր պատերէն ներս հաւատացեալներ՝ աստուածահաճոյ հոգեւոր երգ բարձրացուցին առ Աստուած։ Երախտարժան հոգեւոր հովիւներ քարոզախօսեցին յարուցեալ Քրիստոսի բարի խօսքերը։
Եկեղեցւոյ բեմին առջեւ՝ անարատ ջուրով մկրտուեցան մեր համայնքի բազում մանուկները քրիստոնէական անքակտելի հաւատքով։ Զոյգեր՝ իրենց ամուսնական ուխտը կատարեցին, միեւնոյն բեմին առջեւ՝ հաստատ հիմերու վրայ հիւսելու նորաստեղծ իրենց հայկական բոյնը։

Այո՛, այդ բեմէն առ յաւէտ անդենական ճանապահորդուեցան Քրիստոսով լիցքաւորուած մեր անմեռ համագիւղացիները։

Կը հաւատամ, որ մեր նախնիներու հաստատ կամքով ու նուիրումով կարուցուած եւ հիմնադրուած մեր եկեղեցին՝ այսօր Աստուծոյ հրաշագործ զօրութեամբը, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ համագիւղացիներուս օժանդակութեամբը՝ մերօրեայ երիտասարդներու ջանքերով պիտի վերանորոգուի մեր Սուրբ Եկեղեցին։

Քանզի՝ «Եկեղեցին հայկական բարձր բերդն է հաւատքին։»

Միասնաբար վերականգնենք մեր 83-ամեայ եկեղեցին։

Ջերմօրէն՝
ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Թորոնթօ