Աշխարհի Շուրջ Հինգ Օրուայ Մէջ
ԳՀԱԸ-ի “Աշխարհի Շուրջ Հինգ Օրուայ Մէջ” գարնանային Ճամբարը պատմութեան անցաւ:
Հինգ օրերու ընթացքին, քսանմէկ մանուկներ սորվեցան,խաղցան, մրցեցան, նկարեցին եւ ընկերութիւններ կազմեցին: Անոնք շահեցան եւ կորսնցուցին, խայտացին եւ յուսախաբուեցան: Յամենայնդէպս, անոնք անմոռանալի հաճելի պահեր ունեցան:
Անոնք երեւակայեցին “օդանաւով” աշխարհը պտըտիլ: Ամէն օր անոնք աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն մէկը այցելեցին եւ կեդրոնացան մէկ բացառիկ երկրի վրայ՝ Քուք կղզիներ, Թանզանիա, Ճափոն, Արժանթին, Հոլանտա։ Անոնք տեղեկութիւններ քաղեցին այդ երկիրներու մասին։ Ծանօթացան այդ երկիրներու մշակոյթներուն մասին եւ այդ երկիրները խորհրդանշող խաղեր խաղացին ինչպէս նաեւ այդ երկիրներէն կեանքի դասեր յայտնաբերեցին: Իրենց սորվածին հիման վրայ, անոնք մասնակցեցան խմբային ծրագիրներ կազմելու, որպէսզի «վերանորոգեն եւ վերաշինեն Գանատան»:
Իւրաքանչիւր օր սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ Հայաստանի ազգային օրհներգով: Սուրբ գրային պատմութիւններ ուսուցուեցան ուրկէ կեանքի դասեր առին:
Փակման օրը տխուր էր մանուկներուն համար: Բաժանման պահի հարցումը «Ե՞րբ է յաջորդը»-ն էր: Մանուկներէն մէկը հարցուց՝ «Ինչո՞ւ դպրոցի դասերը այսքան հաճելի չեն»:
ԳՀԱԸ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սալբի Ներսէսեանին, ծրագրին, կազմակերպման, եւ յայտագրի ղեկավարութեան համար: Մենք երախտապարտ ենք կամաւոր ծառայողներուն, առանց անոնց զոհողութեան ջանքերուն, անկարելի պիտի ըլլար ձեռնարկը:
Ձեր տրամադրութիւնները բարձրացնելու եւ ձեր դեմքին վրայ ժպիտներ հրավիրելու համար ծանօթացեք այս նկարներուն։
Այս ձեռնարկի ամբողջ եկամուտը պիտի տրամադրուի Լիբանանի, Այնճար Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանին: Նուիրատուութեանց համար սեղմեցէք այստեղ: