Մենք իսկապէս երջանիկ ենք, որ ունինք Ձեզի նմաններ՝ (Անթիպաս եւ Պեթի Լուսարեան),
որպէս երկարամեայ բարեկամներ եւ անկեղծ աջակիցներ AMAA-ին,
եւ Աստուծմէ կը խնդրենք որ շարունակէ օրհնել Ձեզ առողջ եւ ուրախ երկար տարիներով:Զաւէն Խանճեան, AMAA-ի Գործադիր տնօրէն
Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան տնօրէններու խորհուրդն ու անդամները, նախագահ Ռաֆֆի Շնորհօքեանի հետ միասին, կը շնորհաւորեն Անթիպաս Լուսարեանը իր ինը տասնամեակի վրայ երկարող հաւատալից եւ ազնուաշող կեանքին առթիւ: Անթիպասն հիմնադիր անդամներէն մին է Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAC) եւ առաքելահոգի սիւնը Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին, ուր ան ծառայած է աւելի քան յիսուն տարիներ:
Նոյեմբեր 27-ին, Անթիպասի ընտանիքը 90 ամեակի վայելչագեղ տարեդարձ մը կազմակերպած էր: Միջոցառումը, որուն մասնակից էին իր հարազատներն ու մօտիկ բարեկամները, առիթ եղաւ որ բացայայտուի յոբելիարին անհաշիւ զոհաբերութիւններն ու բարեգործութիւնները, զորս կատարած է կարօտեալներուն: Բաւարար ժամանակ չկար երախտագէտ մասնակիցներուն Անթիպասի ազնուագոյն բարեսիրական անվերջանալի պատմութիւններուն համար:
Ամենէն ազդեցիկը իր հարսէն, Ճօտիէն եկաւ, որ իր արցունքներուն մէջ յիշեց թէ ինչպէս Անթիպասն իրեն կացարան ապահոված է երբ ինք ահաւոր կարիքի մէջ էր: Ան փառաբանեց Աստուած, որ «Պապա»ն զինք առաջնորդեց, որպէս անապահով պարմանուհի մը, դէպի Քրիստոս եւ զինք դրաւ ապահով կեանքի մը ուղիին վրայ: Իր զաւակները՝ Փօլը եւ Էտը չկրցան իրենց զգացումները զսպել, երբ յիշեցին իրենց մանկութեան հաճելի օրերը իրենց հօր հետ:
Տարեդարձի հաւաքը ճոխացաւ տեսաերիզի ցուցադրութեամբ մը, Լուսարեան ընտանիքի կեանքին մասին:
Առ ի յարգանք իրենց հօր բարեսիրական գործունէութեանց եւ անոր անթառամ սիրոյն առ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն (AMAA) եւ իր երախտագիտութիւնը AMAA-ի օժանդակութեան, որուն շնորհիւ ինք կրցած է ուսանիլ, ընտանիքը հաստատեց «Անթիպաս եւ Պէթի Լուսարեան հիմնադրամ» մը AMAA-ի հովանաւորութեամբ, եւ Անթիպասի փափաքին համեմատ հիմնադրամը պիտի օգնէ համալսարանական կրթութեան, ինչպէս նաեւ կարօտեալ երեխաները ուղարկելու ամառնային ճամբարներ եւ դժուարութեան մէջ յայտնուած աշակերտներուն կեանքը բարեփոխող ծառայութիւններ AMAA-ի «Շող» կեդրոնին Հայաստանի մէջ: Լուսարեան ընտանիքը առատաձեռնօրէն $100,000 հիմնադրամ մը տրամադրեց եւ առաջարկեց իր բարեկամներուն որ տարեդարձի նուէրի փոխարէն իրենց ներդրումները կատարեն այս հիմնադրամին:
AMAA-ի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի շնորհաւորական խօսքը Անթիպասին ուղղուած, փոխանցեց Յարութ Ներսէսեան, AMAA-ի ներկայացուցիչը Գանատայի մէջ, եւ յիշեց Անթիպասի երեք նախասիրած ծրագիրները՝ Կրթաթոշակ, Ամառնային ճամբար եւ «Շող»ը, Հայաստանի երեխաներուն եւ երիտասարդներուն կեանքը բարեփոխող:
Անթիպասն տեսլականի մարդ է: Անթիպաս եւ Պէթի Լուսարեան հիմնադրամը պիտի շարունակէ ծառայել եւ օրհնաբեր ըլլալ կարիքաւոր երեխաներուն «տարեդարձի տղուն» շնորհիւ, երկար տարիներ մինչեւ ապագայ:
AMAC-ն Անթիպասին եւ կնոջ Պեթիին կը մաղթէ օրհնաբեր խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ քաջառողջութիւն, որ Անթիպասն արժանանայ տօնելու իր հարիւրամեայ տարեդարձն ալ:
Անոնք որոնք կը փափաքին Անթիպասին միանալ, օգնելու համար Հայաստանի կարօտեալ փոքրիկներուն աւելի պայծառ ապագայ մը ունենալու համար, կրնան Լուսարեան հիմնադրամին մասնակցիլ մեր կայքի միջոցով www.amacnews.org
Կը խնդրենք նշել “Andy and Betty Loussarian Fund”