«Միտքը լեցնելու անօթ չէ, այլ կրակ, որ պէտք է վառել»:

Անճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի կոկոն դասարանի աշակերտներուն տրուեցաւ գունաւոր մատիտներ՝ իրենց ապագան նախագծելու համար: Վարժարանիս նպատակն է պատրաստել մեր աշակերտներուն մտքերը, ուղղել եւ առաջնորդել զանոնք։

Ի մտի ունենալով մեր առաքելութիւնը դպրոցական օր մը յատկացուեցաւ կոկոն դասարանի աշակերտներուն՝ շրջելու դպրոցի միջավայրին մէջ և ծանօթանալու անոր տարբեր բաժիններուն: Փոքրիկները այցելեցին դպրոցին գրադարանը, ուր լսեցին բարոյական պատմութիւն մը՝ Փոքրիկ Ջալոն ապա անոնք այցելեցին դպրոցին տարրալուծարանը, ուր բնագիտութեան ուսուցչուհին տարբեր փորձեր կատարեց՝ անոնց հետաքրքրութիւնը ու միտքը գրգռելու համար: