ԱՀԱԸ եւ ԳՀԱԸ Եփրեմ եւ Զապէլ Պասմաճեաններու անուան Ասկերանի մանկապարտէզը օգոստոսի 15-ին կրկին իր դռները բացած է Ասկերանի համայնքի մեր հայրենակիցներուն ընտանիքներուն առջեւ։
Այս դժուար օրհասական պահերուն Ասկերանի ժողովուրդը կ՛ապրի յոյսով ու հաւատքով’ ակնկալելով Աստուծմէ մի միայն խաղաղութիւն։ Թէեւ այս օրերուն մենք լուրջ մարտահրաւէրներ ունինք, սակայն ունեցանք կամք Աստուծմով վերստին յաղթահարելու բոլոր այն դժուարութիւնները, որոնք կրնան խոչընդոտել բնականոն կեանքը։ Այսօր առաւել քան երբեք, մենք պէտք է պատասխանատուութեան զգացումով, իրարու հանդէպ սիրով լեցուած, միաբանութեամբ առ Աստուած կատարենք մեր առջեւ ծառացած գործունէութիւնը եւ չընկճուինք ու մեր մանուկներուն ու գործընկերներուն տանք գնահատուած ըլլալու եւ իմաստալից աշխատանք կատարելու զգացողութիւնը։ Աշխատելով փոքրիկներու հետ պահ մը կը կտրուիս աշխարհի արհաւիրքներէն։ Կը Թուի թէ ամէն ինչ բնական է…
Մանուկներուն աշխարհը ուրիշ է՝ անկեղծ, մաքուր, պարզ ու ջինջ։ Ըլլալով անոնց հետ ակամայ անոնց հայեացքներուն մէջ կրնաս տեսնել ու զգալ սեփական երկրիդ մէջ ապրելու եւ արարելու տենչանքը։ Արդէն 20-րդ ուսումնական տարին է, որ մանկապարտէզը, բարերարներու նուիրական ջանքերուն շնորհիւ կ՛ընդունի եւ իր գիրկը կ՛առնէ տասնեակ մանուկներ։
Ծնողներն ու երեխաները մեծ սիրով, ուրախութեամբ եւ վստահութեամբ կը յաճախեն մանկապարտէզ, բնօրրան մը, ուր կը թագաւորէ անոնց անկեղծ սէրն ու խօսուն ժպիտները։ Շնորհակալ ենք բոլորին։ Յատկապէս մեր իսկական նուիրական հայ մարդու տեսակին։ Ով իր գործով կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ ազգս։ Յարգանք ու պատիւ մեր հայ զինուորին, անոր անկոտրում կամքին։ Մեր մանուկը առաջին հայրենասիրութիւնը կը տեսնէ եւ կ՛ապրի մանկապարտէզին մէջ։ Ապրինք եւ արարենք միասին մեր հայրենիքին մէջ։
Աստուած առատօրէն օրհնէ բոլորը։