Ինչո՞ւ սպասել Մայրերու Օրուան, որպէսզի յարգանք, պատիւ ու սէր արտայայտենք մայրերուն: Մենք ամէն օր կը պատուենք մայրերուն նուիրուածութիւնը, կը գիտակցինք անոնց զոհողութիւններն ու ջանքերը եւ դերը մեր ընկերութեան մէջ:
Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանի (ԱՀԱԵՎ) աշակերտները յիշեցին իրենց մայրերուն եւ խնամատարներուն կարեւորութիւնն ու իւրայատկութիւնը, պատրաստելով ձեռային կաւէ թաղարներ, օգտագործելով գործածուած նիւթեր ու արեւադարձային տունկեր ցանելով անոնց մէջ:
Թող բոլոր մայրերն ու խնամատարները ուրախ ըլլան եւ երջանիկ:
Վեր. Յակոբ Ագպաշարեան
Վարժարանի տնօրէն
ԳՀԱԸ ուրախ է սատարելով ԱՀԱԵՎ-ին: Վարժարանին Նուիրատուութիւններ կատարելու համար, հաճեցէք սեղմել այս յղումին վրա: