Ամէն բանէ առաջ՝ ջերմեռա՛նդ սէր ունեցէք իրարու հանդէպ. Որովհետեւ սէրը կը ծածկէ մեղքերու բազմութիւնը։ Հիւրասէ՛ր եղէք իրարու հանդէպ՝ առանց տրտնջելու։
Ա. Պետրոս 4. 8-9
Զաւէն Խանճեան, Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն
Նախորդ քանի մը դարերու յաջորդական արդիւնաբերական յեղափոխութիւնները ազդած են այս մոլորակի կեանքին վրայ այնպիսի տարողութեամբ, որոնք անհամեմատելի են յաւերժական ժամանակին հետ, կեանքի ծննդոցէն իվեր: Մեր ապրելու, վարքագծի, յարաբերութիւններու եւ աշխատաձեւի այս զարմանահրաշ փոխակերպումը անգամ մը եւս յեղաղրջեցաւ տեխնիքական կամ վերջին քանի մը տասնամեակներու չորրորդ արդիւնաբերական յեղափոխութեամբ։ Այնքան, որ դժուար է պատկերացնել, թէ ինչ պիտի բերէ ոչ այնքան հեռաւոր ապագան։
Բայց այն ինչ, որ կը տեսնեն եւ կ’ապրին սովորական քաղաքացիներ սահամանափակ է ու շատ բան կայ, որ դուրս է մեր գիտելիքներէն եւ երեւակայութենէն։ Անոր մէկ մասը բարի է, որ օր մը կեղեքիչ արժէքով եւ արծաթէ ափսէներով պիտի հրամցուի սպառող հասարակութեան։ Սարսափեցնողը այն տեխնիքական յեղափոխութիւնն է, որ քանդիչ զէն կ’արտադրէ եւ կ’ամբարէ ազգերու կողմէ, «պաշտպանութիւն» կախարդական բառի չարաշահումի պիտակին ներքեւ։ Նոյնիսկ տիեզերքը կը զինեն՝ տիրելու Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած այս գեղեցիկ հրաշք մոլորակին վրայ։ Կը տեսնէք, «ինքնապաշտպանութիւնը» գրաւիչ է, բայց իւրաքանչիւր «ինքնապաշտպանութիւն» դիմացինի կողմէ ըմբռնուած թշնամութիւն է, որ այդ ամէնը կը դարձնէ յարձակողական։ Այս բոլորը երբ աղքատութիւնն ու անօթութիւնը, հիւանդութիւնն ու անարդարութիւնը տակաւին կը տիրեն աշխարհի վրայ։
Վերոյիշեալ միտքերու յորձանուտը մոլորակի իրավիճակի բնական հետեւանքն են, զոր մենք կ’ապրինք այսօր։ Ուքրանիայէն եւ Ռուսատանէն, Եւրոպայէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն եւ Արցախէն։ Եւ ե՞րբ Մերձաւոր Արեւելքը դուրս մնացած է ճգնաժամամերու հարթակէն։
Ո՞ւր կանգնած ենք մենք տիեզերական տառապանքի այս շփոթութեան մէջ։
Անհաւատալի աջակցութիւնը եւ աղօթքներու ալիքը, զոր վերջերս ստացայ վիրահատութենէս ետք, յորդառատ էր։ Արձագանքը լայնատարած էր, ու կու գար աշխարհի բոլոր անկիւններէն։ Ես իսկապէս պարտաւորուած կը զգամ արտայայտուած անխառն սիրով եւ բարեմաղթանքներով, բայց ամենաշատը աղօթքներով, որոնք բարձրացած էին դէպի գերագոյն բուժիչին։
ԱՆոնք ինծի չեն պատկանիր, այլ կը ցոլացնեն Աւետարանչականի բարի անունն ու համբաւը, մինչ ան կ’ընդլայնէ իր ծառայութիւնները երկրագունդի շուրջ։ Այս երկիրներու ցանկի վերջինն է Ուքրանիան ու անոր Հայ համայնքը, որոնք ապաստան գտած են Արեւելեան Եւրոպայի մէջ կամ վերադարձած Հայաստան։
AMAA News-ի ներկայ թիւը նուիրուած է մեր առաքելութեան գործընկերներուն՝ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան։ Մինչ Աւետարանչականի համաշխարհային ծառայութիւնները կ’ընդայնուին եւ կը տարածուին, այստեղ ներկայացուած պատմութիւնները գեղեցիկ կերպով կը պատմեն մեր Ընկերակցութեան այս երկու գործընկերներու շինիչ դերին մասին, որոնք երկար ժամանակէ իվեր կրած են առաքելութեան անմնացորդ եւ անսասան աջակցութեան պսակը:
Մինչ հսկաները զբաղած են «պաշտպանութիւն» կառուցելով, տիեզերքը զինելով եւ մթության մէջ դաւադրելով, Աւետարանչականը երկրագունդի շուրջ կը կառուցէ, կը կրթէ, ապաստան կու տայ, կը կերակրէ եւ կը հագեցնէ։ Պէյրութէն՝ Պրուքսէլ, Հալէպէն՝ Ասկերան, Ստեփանակերտէն՝ ՍոՖիա, ձեռք ձեռքի տուած Սիտնիի, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի հետ։
Ջերմերանդ սէրը առաքելութեան առանցքն է՝ Աւետարանչականի Համաշխարհային առաքելութիւնը:
Շնորհակալ եմ ձեր աջակցութեան համար։
Մայիս 15, 2022
Կլէնտէյլ, Գալիֆորնիա