Շաբաթ, 23 Հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ 4 հանդիպումներէ բաղկացած ծնողավարութեան սեմինարի 2-րդ համդիպումը։ Այս համդիպման ընթացքին, տիկին Սալբի Ներսէսեան հարցարան մը բաժնեց մասնակցողներուն որպէս զի մասնակցողները գիտակցին թէ իրենք ինչ բնաւորութեան տեսակ ունին եւ համեմատեն իրենց զաւակներուն բնաւորութեաբ տեսակներուն հետ։ Տիկին Ներսէսեան խօսեցաւ կարք մը ծնողավարման ռազմավարութիւններու մասին որոնք ծնողներ կրնան օգտագործել լաւագոյն արդիւնքներու հասնելու։

Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ ծնողավարութեան սեմինարի 3-րդ համդիպումը։ Այս երրորդ հանդիպման ընթացքին, Տիկ. Ներսէսեան հարցարան մը բաժնեց մասնակցողներուն որպէս զի մասնակցողները գիտակցին թէ իրենք ինչ ծնողավարութեան ոճ ունին։ Տիկին Ներսէսեան մանրամասնօրէն ներկայացուց եւ քննարկեց հոգեբաններու մատնանշած ծնողավարման չորս ոճերը եւ թէ անոնք ինչպէս կ՛ազդեն զաւակներուն վրայ:

Մասնակցողները խանդավառորեն մասնակցեցան հարցումներ տալով եւ քննարկումներ կատարելով, որոնց ընկերակցեցաւ բարձր տրամադրութեան մթնոլորտ մը:

Չորրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 6-ին: Տիկ. Ներսէսեան պիտի ներկայացնէ գործնական քայլեր, զորս ծնողները կրնան առնել, օգնելու համար իրենց զաւակներուն որ յաջողին կեանքի մէջ: