Զաւէն Խանճեան
«Բայց Աստուած երբեք չի մոռնար կարիքաւորներուն: Տառապեալներուն յոյսը երբեք չի կորսուիր»: Սաղմոս 9:18
Ինչպէս ընդունուած է «Վտանգ» (Jeopardy) հեռատեսիլային ներկայացման մէջ, ես կը փնտռեմ հարց մը, որ լաւագոյնս կը համընկնի վերը նշուած պատասխանին հետ, Անոնք կրնան բազմաթիւ ըլլալ:
Վերոյիշեալ «պատասխանը» անընդհատ կը պտտէր մտքիս մէջ, երբ կը շրջագայէի Մայիս եւ Յունիս ամիսներուն այցելած երկիրներուս մէջ. Սուրիան, Լիբաբանը, որոնք կազմած են Աւետարանչականի (AMAA) համաշխարհային առաքելութեան ծառայութեան դաշտի առիւծի բաժինը, ինչպէս նաեւ Հայաստան եւ Արցախ, որոնք կ՛արժանանան ներկայիս առիւծի բաժինին:
«Պատասխանը» մշտապէս զբաղեցուցած է իմ մտաւոր տեսադաշտը, նոյնիսկ հարցի մասին առհասարակ մտածելը:
Ճամբորդութեանս ամէն քայլափոխին, իմ ունեցած իւրաքանչիւր շփման հետ մէկտեղ, ես տեսած եմ այն համատարած ազդեցութիւնը, որ AMAA-ն ունի մարդոց վրայ, կեանք առ կեանք:
Հաւատարիմներու խորունկ աչքերէն, մինչեւ նուաճողներու կենսուրախ հայեացքը, երազողներու սեւեռուն հայացքներէն, մինչեւ յուսացողներու մշուշոտ աչքերը, ես ականատես եղած եմ վերոնշեալ պատասխանի մարմնացման:
Ձեզմէ ոմանք հետեւեցան իմ յատուկ առաքելութեամբ կատարուած այցերուն AMAA-ի ֆէյսպուքեան էջին մէջ: Միւսները կրնան հետեւիլ անոնց AMAA News-ի այս համարով: Անոնք անսովոր ուղեւորութիւններ չէին AMAA-ի գործադիր տնօրէնին համար, ան որ կանոնաւոր կերպով կ՛այցելէ առաքելութեան ազդեցութեան գօտիները: Մինչդեռ այս տարի անսովոր էին բոլոր այս աշխարհագրական տարածքներուն մէջ տեղ գտած հանգամանքները:
Արցախեան պատերազմին մէջ հսկայական տարածքներու սրտաճմլիկ կորուստը: Հայաստանի ազգային սուգը՝ պատերազմին մէջ կորսուած հազարաւոր մատաղ ու պայծառ կեանքերուն համար: Մէկ գիշերուան մէջ Լիբանանի միջին խաւին փոխակերպումը աղքատութեան եւ յուսահատութեան: Տասնամեայ պատերազմը ձեւով մը յաղթահարած Սուրիոյ մէջ պատժամիջոցներու պատճառով ծայրայեղ գնաճէն տուժած համայնքը:
Ան պատրաստ աշխարհը դեպի փակուղի տանող համավարակի յարձակումը:
Ինչ աննախադէպ տարի էր այս բոլոր երկիրներուն մէջ, անոնց շարքին, սեփական հարկի տակ՝ ԱՄՆ-ի մէջ հանդիպած ճգնաժամերու բազմակի շերտերուն պատճառով:
«Աշխարհի մէջ նեղութիւններ կ՛ունենանք: Բայց քաջ եղէք, ես յաղթած եմ աշխարհին»: Յովհաննէս 16:33
Չորսշաբաթեայ յուզառատ ուղեւորութենէն վերադառնալէ ետք, ինձմէ խնդրեցին երկու խօսքով պատմել, թէ ինչ տարած էի հետս եւ ինչ բերած եմ հետս: Ինձմէ երկար ժամանակ չպահանջեց՝ այդ պատասխանները ամփոփելու երկու պարզ, բայց փառահեղ բառերու մէջ:
Ես ՅՈՅՍ էի տարած եւ ինծի հետ ՈԳԵՇՆՉԱՆՔ բերած եմ:
ՅՈՅՍ ներշնչելը միշտ եղած է AMAA-ի հիմնական առաքելութիւնը: ՅՈՅՍԸ AMAA-ի տարածած, բաշխած եւ ցանած ամենաթանկագին միջոցը եղած է: ՅՈՅՍՈՎ է համեմուած աշխարհի ծայրերը հասցուած Աւետարանի Բարի լուրը: ՅՈՅՍԸ դեղամիջոց է յուսահատութեան եւ ընկճախտի դէմ, աչքի սպեղանի՝ մշուշոտ տեսողութեան համար, վերածնունդի, երիտասարդացման եւ վերակենդանացման հրաշագործ բանալի:
ՅՈՅՍԸ փրկօղակ է, փրկօղակ՝ դէպի յաջողութիւն, երջանկութիւն, անկախութիւն, կեանք եւ փրկութիւն:
АМАА-ի պաշտօնական տիտղոսաթերթի վրայ գրուած է Մեծ յանձնարարականը, ուր կ՛ըսուի՝ «Գնա աշխարհ եւ քարոզէ Աւետարանը բոլոր արարածներուն»: Աւետարանը բարի լուր է: Բարի լուր, որ «Աստուած երբեք չի մոռնար կարիքաւորներուն, տառապեալներուն յոյսը երբեք չի կորսուիր»: АМАА-ն կը կրէ Յոյսը, ուր ալ որ ան երթայ, իսկ ՅՈՅՍԸ կը դնէ յաջողութեան հիմքը, կը տանի դէպի երջանկութիւն, անկախութեիւն, իր մէջ կ՛ամփոփէ Կեանքը եւ կը խարսխէ Յոյսը Փրկութեան մէջ:
-Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք АМАА-ի առաքելութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ:
-ԱԶԴԵՑԻ՛Կ:
Ազդեցիկը այն պատասխանն է, որուն ես ականատես եղած եմ, հպած եւ զգացած եմ զայն իմ յատուկ առաքելութեամբ կատարած ամբողջ այցելութիւններուս ընթացքին:
Մեր հաւաքական վարձքը մեր այն գիտակցութեան մէջ է, որ АМАА-ի առաքելութիւնը ԱԶԴԵՑԻԿ է:
Շնորհակալ եմ, որ այդ առաքելութեան մաս կը կազմեք:
Զաւէն Խանճեան
Գործադիր Տնօրէն