Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը շուտափոյթ կերպով կ՛արձագանգէ հայրենիքի կարիքներուն:
Երկրին անհրաժեշտ դեղօրայքի հարցին կապակցութեամբ ալ արձագանգը չուշացաւ, եւ մեր հայրենակից Ռաֆֆի Թոքմաքճեանը սրտցաւօրէն իր աջակցութեան ձեռքը երկարեց մեր հայրենիքին, Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ճամբով:
Բարերարին ուղարկած դեղօրայքը տրամադրուած է Ընկերակցութեան կողմէ իրականացուող սսահմանամերձ շրջաններուն աջակցութեան ծրագրի շրջանակին մէջ, սահմանամերձ համայնքներուն մէջ գործող բժշկական կեդրոններուն՝ Բերդի Բժշկական կեդրոնին, Վարդենիսի եւ Գեղամասարի շտապ-օգնութեան բժշկական կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ Գորիսի բժշկական կեդրոնին:
Սահմանամերձ համայնքներուն մէջ գործող կեդրոնները ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունին մեր երկրին համար եւ այդ կեդրոններուն որեւէ աջակցութիւն իւրաքանչիւր հայու պարտքն է:
Մասնաւորապէս Գորիսի հիւանդանոցը, որ իր հերոսական անձնակազմին եւ Հայաստանի ու աշխարհի չորս կողմէն եկած բժիշկներու ջանքերով բազմաթիւ զինուորներու կեանքեր փրկեց պատերազմի ծանր օրերուն:
Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը աջակցելու սահմանամերձ համայնքներուն բոլոր հնարաւոր միջոցներով:
Մենք խորապէս շնորհակալ ենք Գանատայի Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Ռաֆֆի Թոքմաքճեանին եւ իր բոլոր բարերարներուն, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին մեր հայրենիքին:
Լուսինե Օհանյան
ԱՀԱԸ Հայաստան