Ուրբաթ, Օգոստ. 13-ին Յարութ Ներսէսեան ԳՀԱԸ-ի տնօրէն մարմնի անդամը եւ Վիքթոր Կարապետեան ԱՀԱԸ-ի Արցախի ներկայացուցիչը այցելեցին ԳՀԱԸ- ԱՀԱԸ Եփրեմ եւ Զապէլ Պասմաճեան Մանկապարտէզը Ասկերանի մէջ: Անոնք հանդիպում մը ունեցան մանկապարտիզպանուհի Անահիտ Դանիէլեանի հետ, քննարկելու համար յաջորդ ուսումնական տարեշրջանի հարցերը եւ դիմակայելիք մարտահրաւէրները: Պր. Ներսէսեան որոշ հրահանգներ տուաւ եւ վստահեցուց որ ԳՀԱԸ եւ ԱՀԱԸ պիտի սատարեն հաստատութեան:

Պր. Ներսէսեան աւելի ուշ, հանդիպեցաւ մանկապարտէզի անձնակազմին հետ, փոխանցելով Պր. Յակոբ Պասմաճեանի բարեմաղթանքները եւ քաջալերանքները, ԳՀԱԸ-ի խոստումով, որ օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի: Պր. Ներսէսեան քաջալերեց անձնակազմը, որպէսզի զօրաւոր մնան տարաբնոյթ մարտահրաւէրներուն դէմ, «Մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու: Մենք Աստուածատուր առաքելութիւն ունինք մանուկներու մէջ ներարկելու Քրիստոնէական եւ ազգային արժանիքներ: Մեր վստահութեան եւ ապահովութեան աղբիւրը Աստուած է» ըսաւ ան:
Ամառնային կարճ արձակուրդէն ետք, Պասմաճեան մանկապարտէզը իր դռները պիտի բանայ երեխաներուն առջեւ երկուշաբթի Հոկտեմբեր 16-ին: