«Մե՛նք ալ, քանի որ շրջապատուած ենք ա՛յսչափ վկաներու բազմութեամբ, …համբերութեա՛մբ վազենք մեզի առաջարկուած մրցարշաւը։» Եբրայեցիս 12. 1
Այս պատգամը գրելու պահուն, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ։ Նիկոլ Փաշինյանի կուսակցութիւնը գրաւեց Խորհրդարանի եւ Ազգային ժողովի տեղերու մեծամասնութիւնը։ Մենք կը շնորհաւորենք զինք եւ կ’աղօթենք որ Աստուած իրեն շնորհէ երկիրը ղեկավարելու իմաստութիւն։ Վերջին ամիսներուն մեր ժողովուրդը շատ դժուարութիւններու բովէն անցաւ։ Անոնց պարտադրուեցաւ անարդար խաղաղութեանբ մը լքել իրենց Արցախի հողերու մէկ մասը՝ չնայած մեր բանակի հերոսական դիմադրութեան։ Շատեր կորսնցուցին իրենց կեանքը, ուրիշներ վիրաւորուեցան եւ անդամալուծուեցան ցմահ։ Մենք պէտք է յարգենք այս հերոսները եւ աղօթենք իրենց եւ անոնց ընտանիքներուն համար։ Մենք պէտք է նաեւ աղօթենք արդար լուծման համար, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարողանայ խաղաղ ապրիլ իր հողին վրայ։ Մարդկութեան պատմութիւնը բաղկացած է փառահեղ էջերու յաջորդականութեամբ, իսկ ուրիշները աւելի ցաւոտ են։ Բայց մենք կը հաւատանք որ մեր ժողովուրդը պիտի ունենայ այլ փառահեղ էջեր։
Եթէ այս է մարդկութեան պատմութիւնը, Աստուծոյ պատմութիւնը այդպէս չէ։ Աստուծոյ պատմութիւնը արձանագրուած է այս ժամանակներուն, բայց նաեւ եւ ամէն բանէ վեր, յաւիտենականութեան մէջ։ Ան վերջ չունի։ Հաւատքի հերոսները՝ հաւատքի կանայք եւ տղամարդիկ, հազարաւոր տարիներ գրեցին այդ էջերը (տես Եբրայեցիս 11)։
Աւելի քան 17 դարեր, Հայ Եկեղեցին իր հաւատքի բոլոր հերոսներով մտած է այս պատմութեան մէջ։ Անոնք հարստացուցած են զայն իրենց հաւատքով եւ բարեպաշտութեամբ՝ շատ մը այլ եկեղեցներու հետ մէկտեղ։
Հայ Աւետարանական Եկեղեցին այս պատմութեան մէկ մասը դարձաւ 175 տարիներ առաջ։ Ան ծնաւ Պոլիս (Ներկայ Իսթամպուլ) Յուլիս 1, 1846-ին՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցիի բարեփոխումներու ցանկութեան որպէս արդիւնք։ Այդ օրէն ի վեր ան չէ դադրած զարգանալէ եւ նպաստելէ մեր ժողովուրդի բարօրութեանը՝ իր բարեպաշտութեամբ, իր կրթական եւ մարդասիրական աշխատանքներով։ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք, ան տարածուեցաւ եւ զարգացաւ ամբողջ աշխարհով՝ առանց մոռնալու իր Հայկական արմատները։ Այսօր ան ներկայ է Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ։ Ան Յիսուս Քրիստոսի մեծ Եկեղեցիի անբաժանելի մէկ մասն է։
«Մե՛նք ալ, քանի որ շրջապատուած ենք ա՛յսչափ վկաներու բազմութեամբ, …համբերութեա՛մբ վազենք մեզի առաջարկուած մրցարշաւը։»
Այսօր մենք կ’ուզենք շարունակել գրել այս պատմութիւնը՝ բոլոր միւս եկեղեցիներու հետ միասին, Աստուծոյ մեծ պատմութեան մէջ, յանուն մեր ժողովուրդի եւ բոլոր ժողովուրդներու բարօրութեան եւ փրկութեան։
Թող Աստուած օրհէ մեր եկեղեցիները եւ մեր ժողովուրդը։
Շնորհավոր ծնունդդ Հայ Աւետարանական Եկեղեցի:
Վեր. Ժօէլ Միքայէլեան
Նախագահ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի
Իսի-լէ-Մուլինօ, Ֆրանսա
Յունիս 24, 2021