Գարնան եղանակը գեղեցիկ է: Ձիւնը հալած է, շուշանները ծլարձակած են եւ օրերը աւելի երկար են եւ տաքուկ, որոնք մեզի վերանորոգուած յոյս կու տան գալիք օրերուն համար: Սակայն մենք չենք կրնար մոռնալ անցեալը: Վերջին 12 ամիսները ծանր էին մեր երկրին համար: Մենք դիմակայեցինք կարգ մը մարտահրաւէրներ՝ Լիբանանեան տնտեսական տագնապը, որուն պատճառն էր Պէյրութը ցնցող պայթումը: Չարաշուք մագլցումը COVID-19 համավարակին, որուն յաջորդեցին առողջապահական եւ տնտեսական խնդիրներ, իսկ ամենավատը՝ Արցախի երրորդ պատերազմն էր եւ հողատարածքներու կորուստն ու նահատակ եւ վիրաւոր հազարաւոր զինուորներ:
Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԳՀԱԸ) համայնքը քաջաբար ոտքի կանգնեցաւ: Ղեկավարութիւնը, անդամներն ու կամաւորները արձագանգեցին այս տագնապներուն եւ իրենց ժամանակն ու կարողութիւնները ի սպաս դրին այս առատաձեռն կարեկցանքի ձեռնարկին:
Ուսապարկեր Մոնթրէալէն
Ուսապարկերու ծրագիրը ծնունդ առաւ գաղափարով մը, որ վերածուեցաւ առաքելութեան եւ հասաւ յաջող ծրագիր մը ըլլալու, շնորհիւ Մոնթրէալի հայկական համայնքին: Հարիւրաւոր ընտանիքներ նուիրաբերեցին խաղալիքներ, դպրոցական իրեր եւ տաքուկ հագուելիքներ, լեցնելու համար 1,100 ուսապարկեր: Տասնեակներով կամաւորներ շուրջօրեայ աշխատեցան տեսակաւորելու համար նուէրները, լեցնելու զանոնք ուսապարկերու մէջ, տեղադրելու քարթօնէ տուփերու մէջ եւ լեցնելու բեռնարկղը, որ կանգնած էր Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցիի շրջափակին մէջ: Կարգ մը մարդիկ, որոնք կարելիութիւն չունէին նուէրներ գնելու, դրամական նուիրատուութիւններ կատարեցին, որոնցմով յանձնախումբի անդամները անոնց փոխարէն իրենք կատարեցին անհրաժեշտ գնումները: Ամբողջացնելու համար 40’ բեռնարկղը, ARDENE առատաձեռնօրէն նուիրեց նոր հագուստներու 450 ծրարներ:
Այս ուսապարկերն ու հագուստեղէնները վերջերս նուիրուեցան Հայաստանի եւ Արցախի հեռաւոր գիւղերու ընտանիքներուն, ինչպէս Քորնիձոր, Տեղ, Քարաշէն, Որոտան, Շուրնուխ եւ Բարձրաւան, անոնց շնորհելով այնքան փափաքելի ժպիտներ:
Հագուստեղէն եւ այլ պարագաներ Թորոնթոյէն
Երբ արցախի պատերազմը սկսաւ, Թորոնթոյի հայկական համայնքի անդամները հաւաքուեցան եւ երկու բեռնարկղ (Քոնթէյնըր) լեցուցին տաք հագուստեղէններով, կօշիկներով, հանգստացուցիչ եւ բժշկական ու տարբեր պարագաներով: Առաջին բեռնարկղը հասաւ Արցախ պատերազմի ընթացքին եւ իրերը բաժնուեցան զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն: Երկրորդը վերջերս տեղ հասաւ եւ մէջինները բաշխուեցան Խնացախի, Խոզավարի, Վաղաթուրի եւ միւս մօտակայ գիւղերուն:
Մինիպասեր
Երկու Mercedes-Benz Sprinter փոքր մարդատար մեքենաներ Հայաստան ուղարկուեցան Թորոնթոյէն, շնորհիւ Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս եւ մարդասէր Վարուժան Լափոյեանին եւ Tok Group-ի նախագահ Ռաֆֆի Թոքմաճեանին:
Մինիպասերէն մին պիտի յատկացուի Երեւանի ԱՀԱԸ-ի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցին, որը արդէն գործածութեան մէջ է: Երկրորդը կը գործածուի ԱՀԱԸ-ի ընկերային ծառայութեան աշխատակիցներուն կողմէ, Երեւանէն Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքներ ճամբորդելու համար:
Վերոյիշեալ այս ծրագիրներուն կողքին ԳՀԱԸ կը կատարէ շատ մը տարբեր դրամահաւաքներ թէ՛ Մոնթրէալի եւ թէ՛ Թորոնթոյի մէջ որոնց շնորհիւ գոյացած աւելի քան CAD$120,000 գումարը յատկացուեցաւ Հայաստանի եւ Սուրիոյ զանազան ծրագիրներուն:
Մենք կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել իւրաքանչիւրին, որ մասնակցեցաւ մեզի հետ օգնելու աշխարհի չորս կողմը մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
ԳՀԱԸ եւ անոր առաքելութեան եւ ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար այցելեցէք www.amacnews.org
Մեզի կրնաք հետեւիլ նաեւ Ֆէյսպուքով եւ Ինսթակրամով։
Ռաֆֆի Շնորհօքեան
ԳՀԱԸ Նախագահ