Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) սահմանամերձ գիւղերու ծրագիրը սկիզբ առաւ 8 տարի առաջ, երբ թշնամիին կրակոցը սահմանագօտիէն տեղափոխուեցաւ գիւղ: Կրակոց հնչեց ոչ միայն գիւղին մէջ, այլեւ մեր սրտերուն մէջ, եւ Ընկերակցութեան խումբը շարժեցաւ դէպի գիւղ:
Աւետարանչականի գործունէութեան համար դժուար է սահմաններ որոշել: Գանատայի Աւետարանչականի աջակցութեամբ AMAA-ն ամէնուր է, նոյնիսկ այն վայրերուն մէջ, ուր գրասենեակներ եւ հիմնական ծրագիրներ չունի: Մենք այնտեղ ենք, ուր մեր ներկայութիւնը աւելի անհրաժեշտ է: Հայրենիքը կը կանչէ մեզ դէպի հեռաւոր գիւղեր, ուր մարդիկ կ՛ապրին ծայրայեղ ծանր պայմաններու մէջ, սակայն կ՛ապրին հայու իւրայատուկ հաստատակամութեամբ եւ հաւատքով ապագայի նկատմամբ:
Մեզի հետ գիւղերը կը տանինք հետաքրքրական զուարճալի խաղեր, դաստիարակչական ներկայացումներ, գունագեղ խաղալիքներ, հագուստներ (ուղարկուած Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ), բայց ամենակարեւորը, մեզի հետ կը տանինք, սէր եւ ջերմութիւն:
Պահ մը, կը տեսնես, որ երեխաները այնքան ամուր գրկած են նուէր-խաղալիքները, որ ակամայ կը նկատես, որ ատիկա պարզապէս խաղալիք չէ, այլ անիկա այն երջանիկ, բայց չապրուած մանկութիւնն է, որ իր վճիտ աչքերով կը նայի քեզի ու շնորհակալութիւն կը յայտնէ, վերադառնալուդ համար:
Հայաստանի որ հեռաւոր գիւղերն ալ որ երթանք, որքան ալ դժուարութիւններ ըլլան, որքան ալ կեանքը ծանր ըլլայ, կայ գեղեցիկ զգացում մը, որ մենք մեր տան մէջ ենք:
Մեր այցելութիւնները գիւղերուն, անվերջ են, քանի որ ամէն անգամ անոնք կը վերածուին խոստումի, որ մենք անպայման կը վերադառնանք:
Լուսինէ Օհանեան
ԱՀԱԸ Հայաստանի արտաքին կապերու պատասխանատու