Այսօր, ԱՀԱԸ պատուիրակութիւնը գլխավորութեամբ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի, այցելեց ԱՀԱԸ եւ ԳՀԱԸ Եփրէմ եւ Զապէլ Պասմաճեաններու անուան Ասկերանի մանկապարտէզը եւ «Շող» կեդրոնը։

Երեխաները աւանդական աղ ու հացով դիմաւորեցին պատուիրակութեան անդամները, որոնք շրջայցի ընթացքին ծանօթացան երեխաներու առօրեային։

Մանկապարտէզի միջին խումբի սանիկները «Հացի փառատօն» խորագրով բացօթեայ դաս մը ունեցան։ Փոքրիկները իրենց խաղով գործնականօրեն ներկայացուցին հացի մշակման հանգրուանները, ինչպես նաեւ ցորեն հացի պատրաստման փառաւոր ճամբան՝ խմոր շաղեցին, գնդեցին, գրտնակով բացին, լաւաշ հաց թխեցին եւ վերջաւորութեան ներկայացուցին Արցախի խորհրդանիշ ժենգյալով հացը։ Հանդիպումը անցաւ անմիջական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, կեանքով լեցուն մանուկներէն մեծ բաւականութիւն ստացան ներկաները։

Աստուած պահպանէ եւ օրհնէ մանուկները աշխարհի բոլոր ծագերուն…