Օրերս, ԱՀԱԸ Ասկերանի «Շող» կեդրոնը կազմակերպեց «Տօնավաճառ» միջոցառումը։ Անոր նպատակն էր երեխաներուն կեանքի որոշ հմտութիւններ սորվեցնելը։
Խաղերու եւ փորձութիւններու յաղթահարման շնորհիւ անոնց մէջ սերմանուեցաւ անհատական իմացականութեան զարգացման, ինչպես նաեւ ճիշտ կողմնորոշուելու հմտութիւններ։ Խաղերու շնորհիւ հասկցան՝ «Ով կ’աշխատի ան կ’ուտէ» ժողովրդական ասացուածքի իմաստը եւ գործնականի մէջ կիրառեցին զայն։