Երէկ, Մայիսի 20-ին, Սիւնիքի մարզի Նժդէհ գիւղի երեխաները աննախընթաց երջանկութիւն մը ապրեցան, երբ ԱՀԱԸ Հայաստանի ներկայացուցիչները իրենց խոստումը յարգելով, այցելութիւն տուին իրենց, բեռնաւորուած նուէրներով, որոնք ուղարկուած էին Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցուոյ եւ ԳՀԱԸ կողմէ:
Նժդէհը մէկուսացուած, տնտեսականօրէն ճնշուած եւ անտարբերութեան մատնուած գիւղ մըն է Ատրպէյճանի սահմանակից:
Այս փոքրիկ գիւղի 100 բնակիչները, նախկին գաղթականներ են Ատրպէյճանէն եկած, որոնք կայք հաստատած են այս գիւղին մէջ, 1990-ականներու Արցախի պատերազմին ընթացքին:
ԱՀԱԸ խումբը վերադարձաւ հոգեկան ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ: