Այսօր, ԱՀԱԸ Հայաստանի ղեկավարութիւնը այցելեց ԱՀԱԸ եւ ԳՀԱԸ ծառայութիւնները Ասկերանի մէջ (Արցախ), վերատեսութեան ենթարկելու համար զանազան ծրագիրներ, հանդիպելու պաշտօնէութեան եւ խօսելու երեխաներուն հետ:
Յարութ Ներսէսեանին եւ Առէն Տէյիրմէնճեանին կ’ընկերակցէր ԱՀԱԸ Արցախի ներկայացուցիչ Վիքթոր Կարապետեանը եւ Հոլանտայի «Առաքելութիւնն Իրագործելի է» (“Mission Possible”) կազմակերպութեան տնօրէն Ալպերթ Տօքթէրը:
“Mission Possible” կը գործակցի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հետ Ասկերանի ԱՀԱԸ «Շող» Կեդրոնի ծրագրի մէջ: