Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Սիւնիքը դարձաւ սահմանապահ, ինչը որ հիմնովին փոխեց իրավիճակը մարզի եւ մանաւանդ սահմանամերձ գիւղերու շուրջ։

Մարտի 23-25-ը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ), համագործակցելով Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիի, ինչպէս նաեւ Գորիս եւ Տեղ խոշորացուած համայնքներուն հետ, մարզի Կոռնիձոր, Տեղ, Քարաշէն, Խնածախ, Վաղատուր, Խոզնավար, Քարահունջ, Որոտան, Շուռնուխ եւ Բարձրաւան գիւղերու 750 երեխաներուն համար կազմակերպեց «Վառ Պահէ Քու Յոյսդ» խորագրով միջոցառումներու շարք մը։

Մանուկները մասնակցեցան ծաղրածուի եւ բարի արջի արկածներուն, դիտեցին ուսուցողական բեմականացում՝ «4 Մոմերը»՝ խաղաղութիւնը, սէրը, հաւատքը եւ յոյսը վառ պահելու մասին։

Միջոցառումը վերջ գտաւ ԱՀԱԸ Գորիսի գրասենեակի պատասխանատու վեր. Սարգիս Օչինեանի ամփոփիչ խօսքով եւ Տէրունական աղօթքով։ Մասնակից բոլոր երեխաները ստացան նուէրներ՝ Մոնրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիի եւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ։

Թող Աստուած օրհնէ բոլոր բարերարները եւ միջոցառման կազմակերպիչները այն ուրախութեան համար, որ Աստուծոյ շնորհով պարգեւեցին սահմանամերձ համայնքներու երեխաներուն։