ԳՀԱԸ սիրելի բարեկամներ,

Արցախի վերջին պատերազմը իր ետին ձգեց հազարաւոր տառապող որբեր, այրիներ եւ հաշմանդամ զինուորներ, հողատարածքներու կորուստին եւ քանդուած բնակարաններու եւ ենթակառոյցներու կողքին:

Այս պատերազմին անմեղ եւ անօգնական զոհերը մանուկներ են, որոնք չեն հասկնար թէ ինչո՞ւ իրենց հայրերը բացակայ են, կամ ինչո՞ւ իրենց տուները քանդուած են: Անոնց մատղաշ ուղեղները չեն կրնար ըմբռնել թէ ինչո՞ւ չեն կրնար վերադառնալ իրենց տուները, չեն կրնար դպրոց երթալ, կամ չեն կրնար խաղալ իրենց դրացի երեխաներուն հետ: Անոնց ներքին ցաւը,- որ արտայայտելու անկարող են,- կը մեծնայ իրենց հետ, պատճառելով տուայտանք ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Դուք կրնաք օգնել այս երեխաներուն եւ բան մը փոխել իրենց կեանքին մէջ: Հովանաւորելով երեխայ մը, դուք կրնաք նիւթական օժանդակութիւն հայթայթել եւ օգնել որ ներգրաւուին կրթական ծրագրին մէջ եւ զիրենք առաջնորդել դէպի հոգատար համայնք մը, որ զիրենք պիտի առաջնորդէ դէպի աւելի պայծառ ապագայ մը:

Հաճեցէք հիմա իսկ գործել եւ հովանաւորեցէք երեխայ մը:

Հովանաւորէ երեխայ մը