Խոր անձկութեամբ եւ յուզումով կը հետեւինք Հայաստան Աշխարհի ներկայ ճգնաժամային անցուդարձերուն եւ իրարամերժ ոգիով արտայայտուած քաղաքական միտքերուն եւ ուղղութիւններուն: Իրազեկ ենք այն իրողութեան, որ արդարօրէն պատասխաններ կը փնտռուին ոչ միայն Արցախեան վերջին պատերազմի մասին, այլ նաեւ անցնող քառորդ դարու անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ դիւանագիտական ծալքերու մէջէն ի յայտ եկած ձախողութիւններուն համար:
Համոզուած ենք, որ Հայրենիքը պէտք ունի վստահութիւն ներշնչող իշխանութեան մը, որ իր ուղին գտնէ երկրի սահմանադրութեան պարագիծի մէջ ակօսուած օրէնքի ճանապարհով:
Ի տես Հայաստանի խաղաղութեան սպառնացող ներկայ վտանգին եւ համազգային բնոյթ ունեցող քաղաքական այս տագնապին, այսու, կոչ կ’ընենք բոլոր կողմերուն յանուն հայրենիքի եւ հայ ազգի գերագոյն շահերուն մէկդի դնել տարբերութիւնները եւ հաւաքուիլ սեղանի մը շուրջ տնօրինելու արտակարգ ընտրութիւններու շուրջ համաձայնուած ծրագիր մը:
Ի բոլոր սրտէ կ’աղօթենք, որ հայրենի քաղաքական եւ կուսակցական ղեկավարները իրենց քաղաքական իմաստութիւնը գործածեն ի սէր Հայաստանի անդորրութեան եւ խաղաղութեան:
Վեր. Վահան Յ. Թութիկեան, Գործադիր Տնօրէն, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդ
Զաւէն Խանճեան, Գործադիր Տնօրէն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Մարտ 2, 2021