Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ), մեծապէս կարեւորելով կանխարգելիչ առողջապահութեան դերը, կը բազմապատկէ իր ջանքերը այս ուղղութեամբ։
Այս օրերուն, Ընկերակցութեան Իջեւանի գրասենեակը հիւրընկալած է ԱՀԱԸ Երեւանի Այնիլեան դարմանատան (հասցէ՝ Նիկոլ Դուման 22) ատամնաբուժ Էմիլ Մարգարեանը:
Ողջունելով ներկաներուն՝ ԱՀԱԸ Իջեւանի գրասենեակի պատասխանատու վեր. Ալպերտ Փայտեանը ներկայացուց օրուայ բանախօսը:
«Բերանի խոռոչի եւ ակռաներու խնամքը» խորագրով դաս-քննարկումին կը մասնակցէին հովանաւորուած ընտանիքներու 120 երեխաներ՝ իրենց ծնողներուն հետ: Օգտակար գիտելիքներ փոխանցելէ ետք, բժիշկը պատասխանեց ծնողներու հարցումներուն։
Բժշկական քննութեան ենթարկուեցան 20 երեխաներ, որոնք ունէին ակռաներու եւ բերանի խոռոչի հետ կապուած խնդիրներ: Հանդիպման աւարտին, բոլոր ներկայ երեխաները ստացան ակռայի խոզանակ եւ մածուկ: Նուէրները ուղարկուած էին Գանատահայ բարեգործներու կողմէ, ԱՀԱԸ քոյր կազմակերպութեան՝ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAC) միջոցով։
Բոլորը շատ գոհ ու շնորհակալ էին միջոցառման կազմակերպիչներուն:
Ռիթա Աղոյեան
ԱՀԱԸ Իջևանի գրասենեակի ընկերային աշխատող