ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Այդպէս նախատեսուած չէր: Բայց մենք ծանօթ ենք «Քանզի իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չեն, ու ձեր ճամբաները իմ ճամբաներս չեն» (Եսայի 55:8):
Երկու Հազար Քսանը Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Արցախեան ծառայութեան քսանհինգ ամեակն էր: Բովանդակալից հանդիսութիւններ ծրագրուած էին Շուշիի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Ստուար խնդակիցներ ապահոված էին իրենց երթեւեկը՝ միանալու Աւետարանչականի ընտանիքին եւ մասնակցելու յատուկ պաշտամունքի մը, «Պետրոսեան» Ճամբարի մասնաշէնքի նաւակատիքին, մշակութային ձեռնարկներու, թատրոնի մը ներկայացման եւ նշանակալից եւ յիշատակալից պաշտօնական ընթրիքի մը, ծրագրուած՝ Արցախի մշակութային կեդրոն Շուշիի մէջ:
Աստուած տարբեր ծրագիր ունէր մեր ժողովուրդին համար:
Մեր ետին ձգած ենք աննախադէպ տարի մը, զոր մտաբերելը կը փշաքաղէ ամէն հայու հոգին երկրագունդի վրայ:
Թագաժահրը, տագնապներու անդադրում օղակը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ եւ Օգոստոսեան ահաւոր պայթումը Պէյրութի մէջ խայթող յուշեր են, որոնց մղձաւանջը երկար պիտի հետապնդէ մեզ:
Արցախեան պատերազմի աղէտալի արդիւնքը, սակայն, յեղաշրջեց բոլորը: Ազգ մը ամբողջ կ՛ողբայ իր հազարաւոր զաւակները՝ զոհուած հայրենիքի համար, որուն անկախութեան համար սերունդներ իրենց կեանքը զոհած էին անցեալին: Ազգ մը ամբողջ կ’ողբայ հազարաւոր սրտաբեկ մայրեր, հազիւ գարուն տեսած որբեւայրի հարսեր, որոնց տոհմածառերու սահմանաբակ աճը ապացոյցն է կացինահար ճիւղերու պատմութեան՝ զոհը նոյն ոճրագործին: Ազգ մը ամբողջ կ՛ողբայ կորուստը հազարամեայ պապենական հողերու, որոնց վրայ ցանուած յուշարձաններու հոյլը վկայութիւնն է անոր հարուստ քրիստոնէական ժառանգութեան:
Մեզ դիմագրաւող մարտահրաւերները լեռնակուտակ են, մինչ քաղաքական եւ պետական ղեկավարութիւն մը կը պայքարի ապագայի հուն մը ճեղքելու անհամար անորոշութիւններու ընդմէջ:
Արդարօրէն պատասխաններ կը փնտռուին երեսուն տարուան անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ դիւանագիտական անփառունակ ձախողութիւններու համար: Խոր ցաւի, վիշտի եւ լուրջ մտահոգութեան մթնոլորտի մը մէջ, ժողովրդային եւ հասարակական միտքը Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ կը ջանայ գիտակցիլ նոր իրավիճակի մը գոյութեան հետ, վերաչափել ապագայի ակնկալութիւնները եւ հունաւորել նոր ճանապարհ մը:
Աստուած ունի բոլոր դժուարութիւններուն պատասխանը: Երբ աշակերտները տատանող նաւուն վրայ սարսափած արթնցուցին Յիսուսը զիրենք փրկելու համար, Ան ըսաւ. «Թերահաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս երկչոտ էք» (Մատթէոս 8:26) «…ու մեծ հանդարտութիւն մը տիրեց»:
9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ, երբ բոլոր ռազմական գործողութիւնները դադրեցան, Ամերիկային Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը արդէն գիտակից էր իր յանձնառութեան. խրախուսել եւ օժանդակել Արցախի ժողովուրդի վերաբնակեցումը իր հարազատ հողին վրայ եւ վերականգնել Աւետարանչականի ամբողջական գործողութիւնները Արցախի մէջ: Ընկերակցութեան ներկայացուցիչները պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութեամբ պատնէշի վրայ էին: Քանի մը օրուան ընթացքին, Ստեփանակերտի Աւետարանչականի եւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ գրասենեակները բաց էին: Աշխատակազմը վերադարձած էր եւ 1 Դեկտեմբերին, Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Ստեփանակերտի մէջ լրիւ կը գործէին Աւետարանչականի բոլոր ծրագիրները:
Պատմական Հայաստանի տարածքը հարազատ տուն է Քրիստոնէական եւ ազգային կոթողային հսկայ ժառանգութեան: Բայց հողը զուրկ է բռնութեամբ տեղահանուած եւ ոչնչացած իր բնիկ ժողովուրդէն: Հողը անտարակոյս կը յուշէ տարածքին պատմութիւնը, բայց ժողովուրդն է որ կը բնորոշէ անոր ինքնութիւնը:
Քրիստոնեական եւ հայկական ինքնութիւն ունեցող Արցախեան հողը եթէ պիտի փրկուի՝ հարկ է խտացնել անոր վրայ բնակող ժողովուրդին շարքերը:
Յառաջիկայ տարիներուն, մինչ պետութիւն եւ իշխանութիւն կը տքնին շահելու Արցախեան տարածքի եւ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը, Աւետարանչականը հաւատքով, վճռակամութեամբ եւ բարի կամեցողութեամբ պիտի սատարէ եւ օժանդակէ ժողովուրդի բարօրութեան, փարի հողին, զարգացնէ եւ ծաղկեցնէ զայն հետապնդելով ժողովուրդին երջանկութեան իրաւունքը:
Աւետարանչականի հոգեւոր, կրթական եւ մարդասիրական 25ամեայ ծրագիրները եւ ծառայութիւնները օրհնութիւն եղած են բազմաթիւ Արցախցի մանուկներու կեանքին: Յետ-պատերազմեան կարիքները բազմապատկած են մեր ջանքերը ամոքելու ցաւը, մեղմելու հոգեկան ցնցումը եւ դաստիարակելու ստեղծագործ եւ նորարար սերունդ մը:
Աւետարանչականի նուիրումը Արցախի ժողովուրդին անժամանակ է, իսկ այդ նուիրումը Աստուծոյ սիրոյն արտացոլացումն է: Անիկա նաեւ յարգանքի տուրք է անոնց, որոնք, ծանօթ ըլլալով Շուշիի մէջ տասնամեակներու յիշատակելի ծառայութեան ժառանգութեան կորուստին՝ գաւթիչներու ոտնահարող ոտքերուն ներքեւ, գորովագին հարց տուին. «Կրնա՞նք վերականգնել զայն Ստեփանակերտի մէջ»։
Այո, կրնա՛նք եւ պիտի վերականգնենք։
* * *
Հիմնադրուած 1918ին՝ իբրեւ քրիստոնէական կազմակերպութիւն՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր համաշխարհային այս առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ՝ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհի 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ընկերակցութեան կայքը: