2020 թուականը բոլորս կը յիշենք որպէս տարի, որն արժանի է մոռնալ։
Այս տարուայ ընթացքին, Սուրիոյ մեր համայնքը շարունակեց տառապիլ արիւնոտ պատերազմին յաջորդած մարդասիրական աղէտին հետեւանքներէն։ Լիբանանի մէջ տնտեսական ճգնաժամն ալ աւելի խորացաւ Պեյրութի պայթումէն, որը մեծածաւալ մարդկային եւ նիւթական վնաս պատճառեց։ Այս ամէնը տեղի ունեցաւ, երբ պսակաձեւ ժահրը կը յօշոտէր պետական ու սեփական տնտեսութիւնները։
Արեւմուտքը եւս անմասն չմնաց։ Թագավարակին բերած տնտեսական ճգնաժամը շատ Գանադացիներ անաշխատանք ձգեեց։ Գործարքները կը պայքարին «ջուրի վրայ» մնալու համար։ Եւ երբ ամենաշատ կարիք ունինք, զրկուած ենք հաւաքույթներէ ու եկեղեցական միջոցառումներէ, որոնք մեզ այնպիսի զգացական ու հոգեւոր աջակցութիւն կը պարգեւէին, որ միայն ընտանիքը, մտերիմ ընկերները, բարեկամներն ու եկեղեցին կարող են տալ։
Այս բոլորը կը նսեմանան՝ համեմատած Արցախեան դաժան ու ցաւոտ 3-րդ պատերազմին ու անոր հետեւանքներուն՝ սգացող ընտանիքներ, քաղաքական որոշակի տագնապներ Հայաստանի մէջ, եւ ամբողջ տարածաշրջան մը՝ ապագայի հանդէպ անորոշութեամբ։
Աշխարհասփիւռ հայերը շուտով կը դիմաւորեն Սուրբ Ծնունդն ու Նոր տարին։ Սովորաբար, մենք այս տօները կ՛ընկալենք որպէս ուրախ օրեր՝ լեցուն ընտանեկան տօնախմբությամբ, բարեկամական այցելություններով, նուէրներով։
Բայց այս տարին տարբեր է։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մեր շատ եղբայրներ ու քոյրեր կը տառապին տնտեսական ծանր կացութենէն։ Շատերը կորսնցուցած են աշխատանքը։ Կտրուկ սղաճի պատճառով նուազեր է նաեւ տակաւին աշխատանք ունեցողներուն գնողական կարողութիւնը։ Անոնք այլեւս ի վիճակի չեն ապահովելու իրենց նուազագոյն կարիքները։
Մեր հայրենակիցները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կը սգան որդիներու, ամուսիններու ու եղբայրներու մահը։ Ուրիշներն ամիսներով լուր չունին իրենց սիրելիներուն մասին, որոնք գացած էին պաշտպանելու իրենց հայրենիքը։ Արդեօք գերեվարուա՞ծ են թշնամիին կողմէ, կամ կորսուա՞ծ են ռազմադաշտի անտառներուն մէջ։ Յաճախ անորոշութիւնը աւելի կը տանջէ, քան նահատակութեան մասին լուրը։ Այս մարդիկ նոյնիսկ ոյժ չունին՝ անհանգստանալու կորսուած աշխատանքին կամ փլած տուներուն մասին։
Քովիդ-19-ի պատճառով, Գանադացիներուն արգիլուած է ընդլայնուած կազմով տօնական հաւաքոյթները։ Նոյնիսկ եկեղեցի այցելելն ալ սահմանափակուած է։ Ասիկա կ՛ըլլայ ձեռնարկներէ զուրկ, ոչ-‘շնորհաւոր’ Սուրբ Ծննդեան շրջան։
Ո՞րն է մեր արձագանգը։ Ի՞նչ կարող է Սուրբ Ծննդեան բնօրինակ պատմութիւնը սորվեցնել մեզի այս տարուայ անսովոր ցաւոտ Ծննդեան տօներուն մասին։
Յիսուսի Ծննդեան պատմութիւնը մեղաւոր մարդկանց տառապանքին Աստուծոյ կարեկից պատասխանի մասին է։ Ան հեռու չէր մարդկանց շարունակական ցաւին հանդէպ։ Աստուած գործեց։ Ան ձգեց Իր երկնային փառքը եւ ամէն տօնախմբութիւն, որպէսզի փրկէ մարդկութիւնը, եւ մեզ տայ յոյս։ Սուրբ Ծննդեան պատմութիւնը ինքնազոհ սիրոյ եւ ծառայութեան պատմութիւն է։
Աստուածաշունչը կը հաստատէ այն, ինչ մարդկութիւնը իմացեր է հազարաւոր տարիներ՝ մարդկային կեանքը լի է ցաւով ու տառապանքով։ Արեւմուտքի մէջ ապրող մարդիկ, ովքեր կը վայելեն աննախադէպ տնտեսական բարգաւաճում, անմասն չեն ասկէ։ Մենք չենք կրնար չեզոքացնել մարդկային տառապանքը։ Բայց, Սուրբ Ծննդեան պատմութիւնը մարտահրաւէր կը նետէ մեզի նմանուելու Քրիստոսին եւ մեղմելու տառապանքը ՝ սիրով օգնութեան ձեռք մեկնելով անոնց, որոնց հետ կեանքը դաժան է վարուած:
Անշահախնդիր բարութեան գործողութիւնները, որոնք կը բխին առատաձեռն սրտէ, անկասկած իմաստ եւ լիարժէքութեան խոր զգացում կու տան, որ ոչ մէկ տօն չի կրնար երբեւէ ապահովել: Իսկ ամէնակարեւորը, որ այդպիսի բարութիւնը հաճելի կըլլայ Յիսուսին, որուն Ծննդեան օրը կը փափաքինք նշել:
Յարութ Ներսէսեան
ԳՀԱԸ Տնօրէններու Խորհուրդի անդամ