Մենք որոշեցինք նուէրներ պատրաստել պատերազմէն վնասուած Արցախի երեխաներուն. չէինք պատկերացներ, որ բաւարար նուէրներ պիտի ունենանք 40 ոտնաչափ տարողունակութիւն լեցնելու: Սակայն Մոնթրէալի հայ համայնքը եւ հայ գործարարներ ի մի եկան ԳՀԱԸ-ի ուսապարկերու ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու:
Նոյ. 13-15 ի շաբաթավերջի օրերուն հարիւրաւոր ընտանիքներ խաղալիքներ, դպրոցական իրեր եւ տաք հագուստներ բերին, լեցնելու համար 1100 ուսապարկեր: տասնեակներով կամաւորներ օրն ի բուն աշխատեցան տեսակաւորելու համար նուէրները, զանոնք ուսապարկերու մէջ զետեղելու, ապա քարթոնէ տուփերու մէջ դնելու եւ լեցնելու Քոնթէյնըրը, որ Առաջին Աւետարանական եկեղեցիի բակին մէջ դրուած էին: Շատ մը անձեր չէին կրցած երթալ եւ նուէրներ գնել, ատոր համար անոնք դրամական նուէրներ կատարեցին, իսկ կազմակերպութեան յանձնախումբը ինք կատարեց գնումները:
Մենք կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք զանազան ձեւերով մասնակցեցան այս ծրագրին: Ասիկա փաստ մըն էր, թէ ինչ կրնանք ընել, երբ նպատակի մը համար միատեղ կը գործենք: Յատուկ շնորհակալութիւն Արտէնին, որ ուսապարկերը նուիրեց, ինչպէս նաեւ 450 տուփ նոր հագուստներ, որոնք լեցուեցան քոնթէյնըրներուն բաց մնացած տեղերը: Ուղարկուածը Մոնթրէալէն ճամբայ ելաւ եւ կ՛ակնկալու որ Երեւանի ԱՀԱԸ հասնի Յունուարի սկիզբը: Մենք կ՛աղօթենք, որ այս նուէրները այնքան անհրաժեշտ ժպիտ բերեն Հայաստանի եւ Արցախի մանուկներուն Ծնունդի տօնական օրերուն եւ իրենց սրտերը լեցնեն Քրիստոսի սիրով եւ ուրախութեամբ: