Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հաճոյքն ունի տեղեկացնելու իր բարեկամներուն, որ ստացած է երկու Մերսետէս Սփրինթըր (Mercedes Sprinter), մինի պասեր, շնորհիւ վեհանձնութեանն ու առատաձեռնութեանը Թորոնթոյի մէջ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս, Գանատահայ մարդասէր Պր. Վարուժան Լափոյեանի եւ Պր. Ռաֆֆի Թոքմաճեանի՝ նախագահ Թոք Կրուփ (Tok Group)-ի:
Պր. Թոքմաճեան գանատահայ բացառիկ ձեռնարկատէր մըն է: Պր. Լափոյեան յարգուած հայ ձեռնարկատէր մըն է եւ համայնքային ղեկավար Թորոնթոյի մէջ: Հայաստանն ու Արցախը միշտ եղած են իրենց ուշադրութեան կիզակէտին վրայ եւ ոչինչ խնայած են Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ի խնդիր:
Երկու շքեղ մինի պասերը ճամբու վրայ են դէպի Հայաստան, օգտագործուելու համար Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) կողմէ:
Անոնցմէ մէկը պիտի ծառայէ Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան վարժարանի աշակերտներուն, իսկ միւսը պիտի սպասարկէ ԱՀԱԸ-ն, Հայաստանի մէջ Արցախէն տեղահանուածներու կարիքներուն:
ԳՀԱԸ իր սրտագին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Պր. Լափոյեանին եւ Պր. Թոքմաճեանին, անոնց հոգատարութեան համար, ինչպէս նաեւ Պր. Խորէն Մարտոյանին այս նախաձեռնութեան համար իր կատարած համադրական աշխատանքին համար: Պէտք է նշել, որ Արցախի պատերազմի սկիզբէն՝ 27 սեպտեմբերէն ի վեր Պր. Մարտոյան անդադար գործած է Արցախահայութեան համար: