ԳՀԱԸ-ի սիրելի բարեկամներ,
Բառեր չկան, որ կարենան նկարագրել այն սարսափն ու ցաւը, որ Լիբանանցի ժողովուրդը կը կրէ այսօր, այն համայնաջինջ պայթումէն ետք, որ ցնցեց երկիրը:
Դրամական եւ տնտեսական տագնապը, որ տարի մը առաջ սկսած էր, արդէն քամած էր Լիբանանի ժողովուրդին ամբողջ նիւթական եւ զգացական կարողութիւնները: Անիկա պատճառ եղած էր որ հազարաւորներ անգործութեան մատնուին, որուն պատճառով համատարած աղքատութեան վիճակ մը ստեղծուած էր: Ծնողներ կը պայքարէին սնունդ հասցնելու համար իրենց երեխաներուն: Ասոր հետեւեցաւ Թագաժահրի համավարակը, որ կը սպառնար ժողովուրդին առողջութեան եւ կ՛անդամալուծէր երկրի տնտեսութիւնը:
Կարծէք ասոնք բաւարար չէին, Օգոստոս 4-ի ահռելի պայթումը քանդեց, կամ ծանրօրէն վնասեց անոնց մնացած միակ «հանգիստի գօտին»՝ մարդոց բնակարանները:
Ողբերգական այս պատահարին վնասը ֆիզիքականէն շատ անդին կ՛անցնի: Ան պատճառ դարձաւ որ Լիբանանցին մնայ անօգնական եւ անյոյս:
Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը չի կրնար անտարբեր գտնուիլ լիբանանցիին տառապանքին հանդէպ: Ղեկավարութիւնը որոշեց անմիջապէս դրամահաւաք մը կազմակերպել եւ օգնել կարիքաւոր ընտանիքներուն: Ասիկա առիթ մըն է ցոյց տալու մեր զօրակցութիւնը եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Ձեր նուիրատուութիւնները ամբողջական եւ անմիջական ձեւով պիտի ուղարկուի կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Ահաւասիկ զանազան միջոցներ ձեր նուիրատուութիւնները ուղարկելու
- By check, payable to the AMAC, mailed to 11455 Rue Drouart, Montreal, Quebec, H3M 2S6
- By PayPal through the www.amacnews.org website
- By interac e-transfer to amacinc84@gmail.com
Կը խնդրենք որ առատաձեռն ըլլաք եւ յիշեցէք “Fundraising for Lebanon” ձեր նուէրներուն վրայ:
Ռաֆֆի Շնորհօքեան
ԳՀԱԸ Նախագահ