Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Իր անդամներուն եւ բարեկամներուն խոր ցաւով կը գուժէ մահը Տիկ. Ալիս Պզտիկեան-Մարտիրոսեանի, որ իր երկրային կեանքէն հեռացաւ դէպի Յաւիտենական Հանգստավայրը, Երկուշաբթի 29 Յունիսին:

Առ ի յարգանք Տիկ. Պզտիկեանի յիշատակին, ձեզի կը ներկայացնենք իր կենսագրութիւնը, զոր ազնուօրէն մեզի փոխանցած են իր հարազատները:

Ալիս Պզտիկեան-Մարտիրոսեան ծնած է Աթէնք, Յունաստան, 25 Դեկտեմբեր, 1933-ին: Ան դուստրն էր Վարդան եւ Օժենի Մարտիրոսեաններուն: Ան վախճանեցաւ խաղաղութեամբ, շրջապատուած իր ընտանիքի անդամներով, իր տան մէջ, Լաւալ, Գեպէք, Գանատա:

Ալիսը նուիրեալ կինն էր Վեր. Ժիրայր Պզտիկեանի եւ սիրեցեալ մայրը իր չորս զաւակներուն՝ Ճօն, Սամուէլ, Ռութ եւ Տիգրան (Ռիչարտ), սիրեցեալ կեսուրմայրը Քիքի Պզտիկեան Փափատուփուլոսի (Սամուէլի տիկինը) եւ զոքանչմայրը Մարգօ Գորթինա-ի (Ռութի ամուսինը) եւ սիրեցեալ մեծ մայրը իր հինգ թոռնիկներուն՝ Ճեսիքա-Ալիս, Մելիսսա, Քասսանտրա, Ճուլիանօ-Ժիրայր եւ Ալեքսանտր-Վարդանի: Ան իր ետին կը ձգէ երկու քոյրեր՝ Ովսաննա Պայէրեանը (Եւ իր քրոջ աղջիկը Գոհար եւ Որդին Յակոբ) եւ Մարի Մարտիրոսեանը:

Վեր. Ժիրայր Պզտիկեանը Մոնթրէալի երկրորդական վարժարաններուն եւ քոլէճներուն մէջ անգլերէն լեզուի դասաւանդութենէն եւ հանգստեան կոչուելէն ետք, զանազան եկեղեցիներէ ստացած հրաւէրներուն ընդառաջեց, որպէս ժամանակաւոր (Այցելու) քարոզիչ: Ալիսը միշտ կ՛ընկերակցէր իր ամուսնոյն ամէն տեղ, որպէս «Երէցկին Ալիս»՝ Շիքակօ, Պոսթըն Հայկական Յիշատակի Եկեղեցի, Պելմոնթի Առաջին Հայկական Եկեղեցի, Մա. Բարամուսի Երիցական եկեղեցի Նիւ Ճըրսիի մէջ, Թորոնթոյի Աւետարանական Եկեղեցի, Օնթ. եւ Նիւ Եորքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցի:

Ալիսը ազնիւ եւ բարի հոգի մը ունէր: Իր ժպիտն ու խոնարհութիւնը իր նկարագրի ցայտուն գիծերն էին: անոր ընկերային ծառայութիւնները միշտ գնահատանքով կը դիմաւորուէին: Ան ուր ալ գտնուէր, բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած էր:

Ալիսը վաղուց կորսնցուցած էր իր սիրելի ծնողքը եւ երկու քոյրերը Մարիքա եւ Քնար: Ան իր ետին կը թողու իր ազգականներն ու բարեկամները:

Զինք կարօտով պիտի յիշենք…