Այսօր Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 174րդ տարեդարձը կը յիշատակենք: Փառք կուտանք Աստուծոյ այն լուսաւոր ճանապարհին համար որու ընդմէջէն, հաւատարիմ եկեղեցւոյ հիմնաքար Յիսուս Քրիստոսի, Եկեղեցին ընթացաւ իր ծնունդէն իվեր:
174ամեայ իր ծառայութեան հարուստ ժառանգութիւնը, անկախ իր երկունքի ցաւերէն, լուսաւոր պսակ մըն է այս համայնքի ճակտին, հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ ընկերային ծառայութիւններու դաշտին մէջ:
Սակայն կենդանի եկեղեցին չկրնար անցեալի փառքով հպարտանալ առանց իր առաքելութեան անժամանակ կիրարկման հոլովոյթով արդարանալուն:
Ուստի, Քրիստոնէական խոնարհ ոգիով, ինքնաքննութեամբ եւ առարկայական մօտեցումով, հարկ է՛,
ա. Բոցաշունջ ոգիով տարածել Աւետարանի բարի լուրը սատարելով Հայ անհատի հոգեւոր վերածնունդին առաջնորդելով զայն Աստուածային փրկութեան ափին:
բ. Հաւատարիմ մնալ հիմնադիրներու պատկանելիութեան, պահելով Հայաստանյայցի դիմագիծը, հոգալով եւ զարգացնելով Մեսրոպեան լեզուն ու Հայ մշակոյթը:
գ. Յարգել Մայր Եկեղեցին, սատարել անոր անսասանութեան, գորովալից սիրով գնահատել եւ քաջալերել եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը եւ հաւատարմութեան կոչ ուղղել ժողովուրդին անոր հանդէպ:
Քրիստոնէական կեանքի ճանապարհի ընթացքը Տէր Աստուծոյ բարի եւ ողորմած կամքին եւ ձեռքերուն մէջ է:
Այդ ճանապարհին վրայ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան անունով՝ բարի երթ կը մաղթեմ Հայաստանյայց Աւետարանական եկեղեցւոյ: