ԳՀԱԸ խմբագրական կազմի կողմէ կը ներկայացնեմ Գանատա ծնած ու մեծցած 20 տարեկան Հայ – Եգիպտական ծագումով իմ հարազատ Քրոջորդիս՝ Րէմի Կըրկէսը: Րէմին մեզի հետ կը բաժնեկցի իր մտածումներն ու զգացումները իր Գանատա-Հայ ինքնութեան եւ ծագումին մասին:
Սալբի Գաճէմեան
* * * * *
Մարդիկ անգիտակից են «Ես» «Հայ» «Եմ», այս երեք բառերուն պարունակած ամբողջ տառապանքին եւ ցաւին, որ իմ նախնիքներս անցած են անոնց մէջէն, որպէսզի ես կարենամ պահպանել իմ ինքնութիւնս եւ ազատութեամբ եւ հպարտութեամբ յայտարարեմ իմ հայ ըլլալս: Հպարտ Հայ եմ եւ հպարտ Գանատացի՝ Գանատահայ (Կէս-կէս): Կ՛ապրիմ եւ կ՛ուսանիմ աշխարհի ամենաբազմամարդ քաղաքներէն մէկուն մէջ եւ պետութեան մը հովանաւորութեան տակ, որ կը քաջալերէ եւ կ՛օգնէ փոքրամասնութիւններուն, ինչպէս Հայ փոքրամասնութեան, որուն կը ճանչնայ եւ կը նպաստէ մեր բոլոր ազգային եւ ինչու չէ կրօնական ձեռնարկներուն:
Ես մեծցայ Հայ Աւետարանական եկեղեցի յաճախելով, հայկական ամէնօրեայ վարժարան աւարտելով մինչեւ 12-րդ դասարան, եւ հիմա Pyerson համալսարանի հայ ուսանողութեան ընկերակցութեան յանձնախումբին մէջ կը ծառայեմ: Իմ բոլոր ներդրումներս կը վերագրեմ իմ մօրս եւ իր քաջալերանքին, որ միշտ բարձր պահեմ իմ ազգս եւ հաւատքս, ըլայ դպրոցին, եկեղեցիին, համալսարանին, կամ ընկերային շրջանակներուն մէջ:
Երբ օտարներու մէջ կը գտնուիմ, երբ ինծի հարցում կ՛ուղղեն թէ «Ո՞ւր է Հայաստանը» կամ՝ «Սովետական Միութեա՞ն կը պատկանի» եւ ինծի առիթ կը ստեղծուի իմ ազգիս մասին բացատրութիւն տալու, շատ կ՛ուրախանամ հոգեպէս, կամ երբ մէկը ըսէ՝ «Հայ դասընկեր մը ունէի» կամ, «Մօրս գործակիցին փեսան Հայ բժիշկ մըն է»…
Զարմանալի է, բայց կ՛ուրախանամ նկատելով, որ անձ մը ծանօթ է իմ ազգիս, իմ փոքր հայրենիքիս, տխուր, բայց իրականութիւն:
Երբ հայու մը հետ կը բաժնեկցիմ որ Գանատա ծնած Հայ եմ, ըլայ Հայաստան այցելութիւններուս առթիւ, կամ ուրիշ երկիրներ, հպարտութեամբ կ՛ըսեմ «Գանատացի եմ», սակայն երբ օտար ազգի պատկանող անձ մը հարցնէ թէ ի՞նչ ազգի կը պատկանիմ, շատ աւելի մեծ հպարտութեամբ կը յայտնեմ իմ ծագումով Հայ ըլլալս, թէեւ շատերու համար «Հայ» անունը անծանօթ է, բայց ես մեծապէս հպարտ եմ իմ ինքնութեամբս եւ իմ պատկանելիութեամբս. Ազգի մը, որ կը զատորոշէ զիս ուրիշներէն, երբ մանաւանդ օտարներու մէջ գտնուիմ:
Ամէն տարի Յուլիս1-ին «Գանատայի օր» կամ «Գանատայի տարեդարձ» կը տօնուի, ոգեկոչելու համար 1 Յուլիս 1867 թուականը, երբ չորս տարբեր նահանգներ միացան իրարու եւ հռչակեցին Գերիշխան թագաւորութիւն, Բրիտանական Կայսրութեան հովանաւորութեան ներքեւ:
115 տարիներ ետք, Սահմանադրութեան հռչակագիրով 1982-ին Գանատան ստացաւ լման ինքնիշխանութիւն եւ անկախացաւ Բրիտանական Կայսրութեան լուծէն:
Աւարտելով այս յօդուածս, Գանատայի Օրուան առթիւ, ինչպէս միշտ, նախ փառք կու տամ Աստուծոյ եւ ապա Գանատայի, որ ինծի ազատութիւն տուած է իմ ազգային ինքնութիւնս պահպանելու եւ հպարտութեամբ յայտարարելու ամէնուն, թէ ո՞վ եմ ես եւ ի՞նչ ծագում ունիմ:
Վեր կը բարձրացնեմ Թխկիի տերեւը (Maple leaf), մեր Եռագոյնի յետամասով եւ կը յայտարարեմ «Ես Հայ Գանատացի Րէմին եմ»։
Շնորհակալութիւն:
Րէմի Կըրկէս