Յուլիս 1, 2020
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի 174-ամեակ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԴԱՐՁԱՒ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիին կազմութիւնը եւ հիմնադրութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Յուլիս, 1846-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ: Անոր հիմնադիրները 40 անձեր էին՝ 37 այր եւ 3 կին:
Որպէս շարժում սկսող այս եկեղեցին 174 տարուայ պատմութիւն մը ունի այսօր: Շարժումը եւ ապա Եկեղեցին՝ Արեւմտեան միսիոնարներու առաջնորդութիւնը վայելած են: Այսուհանդերձ՝ Հայ Աւետարանական Շարժումը իր ազգային եւ մշակութային արմատները ունի հայ եկեղեցական պատմութեան մէջ:
Հայ Աւետարանական առաջին Եկեղեցին ՀԱՅ էր, քանի որ Հայ Ժողովուրդին համար ծնաւ, զարգացաւ եւ ծառայեց:
ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ էր, քանի որ Աւետարանը՝ որպէս հաւատքի կանոն եւ կեանքի կանոն, գերադաս համարեց քան եկեղեցական աւանդութիւններն ու այդ օրերու կարգն ու սարքը:
ԵԿԵՂԵՑԻ էր, քանի որ ան կ’ամբողջացնէր Աւետարանի մէջ նկարագրուած եկեղեցիին բոլոր պայմանները:
ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
174 տարիներ առաջ, 40 հիմնադիր անդամները Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցին՝ Կ. Պոլսոյ մէջ, Վարդանաշունչ հոգիով յայտարարեցին:
«Մենք կը յարգենք եկեղեցական իշխանութիւնները: Պատկառանքով կ’ընդունինք նահատակներու արիւնով սրբագործուած հայրենի աւանդութիւնները: Կը սիրենք Հայ Ազգը բոլոր սրտով եւ հոգիով: Խղճի ազատութիւնը սակայն՝ ամէն բանէ աւելի թանկագին կը համարենք, եւ թոյլ պիտի չտանք որ որեւիցէ իշխանութիւն կամ աւանդութիւն կամ հրաման, խլէ մեր ձեռքէն Քրիստոսի Աւետարանը կամ արգելք ըլլայ մեզի եւ մեր զաւակներուն երբ կու գանք առանց միջնորդի եւ առանց բարեխօսի, մեր հոգեւոր պաշտամունքը մատուցանել Փրկիչ Աստուծոյ մեր խղճին համնեմատ»:
Միհրան Ճիզմէճեան
ԳՀԱԸ Ատենապետ