Զաւէն Խանճեան, Գործադիր տնօրէն ԱՀԱԸ-ի

Սեպտեմբեր 11, 2001-էն տասը օր ետք, Նախագահ Ճորճ Պուշ իր արտակարգ ուղերձին մէջ, ժողովուրդին ըսաւ «Կը յուսամ որ, գալիք ամիսներուն եւ տարիներուն կեանքը մօտաւորապէս բնականոն պիտի դառնայ:»

Երբեք այդպէս չեղաւ:

Նոյնիսկ՝ «մօտաւորապէս» ալ:

Սեպտեմբեր 11, 2001-ի ահաբեկչական յարձակումը գործի մղեց շարք մը նոր քաղաքական ուղղութիւններ, օրէնսդրութիւն եւ վերաբերմունք, որոնք լրջօրէն փոխեցին ամերիկեան կեանքի ձեւը, որոնք մնալու էին եւ մղեցին մեզ որ մոռնանք թէ ինչպիսին էր կեանքը առաջ:

Օդանաւային ճամբորդութիւն, օդակայանի ապահովութիւն, Օրուելեան հսկողութիւն, հետախուզութիւն, դրամատնօրինութիւն, սահմանի հատում, գաղթ եւ տեղահանութիւն, Ամերիկեան պատմութեան ամենաերկար պատերազմը, մեծ կառավարութիւն, ազգային պարտքի պայթում եւ ԱՄՆ-ի պատժամիջոցները կեանքի ոլորտներ են հիմնականօրէն պարտադրուած:

2019-ի Դեկտեմբերէն ի վեր, COVID-19 կոչուած սրտակեղէք համավարակը կը մաշեցնէ մարդու միտքն ու հոգին եւ զգացականօրէն ու ֆիզիքապէս կը սպառէ համաշխարհային հաւաքականութիւնները:

Ապահովութեան եւ առողջութեան վրայ յարձակող անծանօթ թշնամի մը ստեղծեր է անզուգահեռ, աննախընթաց եւ աներեւակայելի իրականութիւն մը, որ կեանքի նոր ձեւեր կը թելադրէ:

Մարդկային կորուստը եւ տառապանքը ԱՄՆ-ի մէջ ալ, ցաւալի է որեւէ չափանիշով, այնքան ատեն որ մենք կը շարունակենք դիմակայել անորոշ, անծանօթ եւ անյստակ ապագայ մը:

Երբ մեր «խլուրդային» օրերը կրնան ձանձրացուցիչ ըլլալ, եւ մեր մղումը վայրկեան առաջ ազատելու փակուածութենէն, մեզ կը հասցնեն անհամբերութեան եզրին, անոնք կ՛օգնեն մեզ, որ մտածենք աշխարհի շուրջ բոլոր հաւաքականութիւններուն մասին, ուր չկան պետական օժանդակութիւն, տնտեսական փրկարար փաթեթ, չկան անձնական պաշտպանական միջոցներ, բաւարար բժշկական եւ առողջապահական անձնակազմ, դիւրութիւններ կամ փրոֆէսիոնալ առաջին բուժօգնութեան կանչի պատասխանողներ: Համայնքներ, ուր տակաւին պատերազմական վիճակ կայ, սղաճը ահաւոր կերպով բարձրացած է, անգործութեան չափանիշեր հաստատուած են, աշխատանքէ արձակումի վիճակները շատ են:

Գործարքները սնանկացած են, որպէս հետեւանք հեղուկացումի, դրամատան մէջ ներդրում ունեցողներ անկարող են իրենց պահ դրած գումարները վերստանալ:

Աղքատութիւնը աւերիչ է, անոր առաջին զոհերը երեխաներն են: Անոնց առողջութիւնը, սնունդն ու ուսումը վտանգուած են: Անոնց ճակատագիրը մեր վզին պարտքն է: Մեր ապագայի քարոզիչներուն, ուսուցիչներուն, բժիշկներուն, գիտնականներուն, երաժիշտներուն, ճարտարապետներուն եւ արհեստաւորներուն ճակատագիրը մեր ձեռքին է: Մենք չենք կրնար քանդել անոնց երազները:

Ապագան, այս մոլորակին մէջ կեանքը ի՞նչպէս պիտի փոխէ, որպէս արդիւնք COVID-19 համավարակին, որեւէ մէկը չի կրնար գուշակել:

Ես, նախագահ Պուշին նման կանխատեսում չունիմ:

Սակայն, ես գիտեմ որ հիմա է ապագան փոխելու ժամանակը՝ անոնց որոնք Աստուած դրած է մեր վիզերուն, որպէսզի մեծարենք եւ բարձրացնենք:

AMAA’s COVID-19 Response Fundը դռներ կը թակէ: Մենք բոլորս հրաւիրուած ենք ցոյց տալու «Կատարեալ սէր, որ պիտի վանէ ամբողջ վախը»։

Շնորհակալ ենք Ձեր օժանդակութեան համար եւ թող Աստուած օրհնէ Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքները, այս անկանխատեսելի ժամանակին մէջ:

NewCovidBanner