WWW.AMACNEWS.ORG

Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ իր նոր երկլեզու (Արեւմտահայերէն եւ Անգլերէն) կայքէջին մեկնարկը:

Կայքէջը կը նպատակադրէ ԳՀԱԸ-ի բարեկամներուն հայթայթել լուրեր եւ ընդհանուր տեղեկութիւններ կազմակերպութեան ծրագիրներու մասին, ինչպէս նաեւ անոր ղեկավարութեան, պատմութեան եւ առաքելութեան: Կայքէջը նաեւ կը ներկայացնէ լուսաբանող յօդուածներ` ընդհանուր հետաքրքրութիններու ծիրէն ներս: Այստեղ ընթերցողը կրնայ աղբիւրներ գտնել աշխարհի շուրջ Աւետարանական համայնքներու մասին:

Պետականօրէն ճանաչում ստացած շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութեան այս կայքէջը տեղեկութիւններ կու տայ նաեւ առցանց նուիրատուութիւնները տուրքէ զերծ կացուցանելու մասին:

Արդիական եւ գեղեցիկ ոճով պատրաստուած կայքէջը հարուստ է իր բովանդակութեամբ: Բազմալրատուական (multimedia) լուծումները կը պարունակեն գրաւիչ եւ իմաստալից օժանդակ գծանկարներ, տեսանիւթեր եւ լուսանկարներու պատկերասրահներ, ներառեալ՝ ներգործօն համայնապատկերներ:

Կ՛արժէ նշել, որ կայքէջը կ՚ընդգրկէ նաեւ ԳՀԱԸ-ի նորաստեղծ խորհրդանշանը եւ նամակաթուղթը: Գլխաւոր գոյները, որ երանգապնակ կը կազմեն, կապտականաչը եւ մուգ գինեգոյնն են, որոնք յաճախ կը զուգակցին ճերմակով եւ մոխրագոյնի շուքերով:

Բովանդակութիւնը հերթականօրէն պիտի նորոգուի: Կայքէջը գործածելը հեշտ է եւ 100% համապատասխան՝ հաւասարապէս ձեռնտու բոլոր տեսակի սարքաւորումներուն եւ համակարգչային ծրագիրներուն յարմարող:

Կը հրաւիրենք ձեզ այցելելու amacnews.org կայքեջը եւ վայելելու ձեր փորձառութիւնը:

Հաճեցէք մեզի տեղեկացնել ձեր կարծիքը: Կը փափաքինք լսել ձեզմէ: