Սիրելի հաւատակից Հայ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Խնամակալութիւնը իր վերջին միացեալ Նիստին որոշեց, հանգանակութեան մը ձեռնարկել, յատկապէս՝ օգնելու համար մեր հայրենակիցներուն, Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Պարսկաստանի, Հայաստանի  եւ Արցախի մէջ, որոնք Մարտ 2020 էն ի վեր, Թագաժահրի (Coronavirus)-ի պատճառով, իրենց տուներուն մէջ անգործ մնալով նիւթական դժուարութիւններու կ՛ենթարկուին:

Մեր ջերմ փափաքն ու խնդրանքն է որ դուք ձեր կարողութեան սահմաններուն մէջ, դժուարին այս պայմաններուն տակ, քաջատեղեակ ըլլլալով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումին, սիրայօժար կերպով ձեր մասնակցութիւնը բերէք աստուածահաճոյ եւ ազգօգուտ ծրագիրին գործադրելով Անոր՝ «Աւելի լաւ է տալը քան թէ առնելը» թելադրանքը:

Կարելի է նուիրատուութիւններ ընել՝

  1. վճարագիրներով (Checks) Ընկերակցութեանս հասցէին՝
         payable to AMAC @ 45 Fairglen Ave., Toronto, Ontario, M1T 1G8
         կամ Քեպէգ՝ @ 248 Rue Des Alismas, Laval, Quebec, H7X 0B1
  2. ինչպէս նաեւ կրնաք գործածել Pay Pal amacinc84@gmail.com
  3. կամ interac e-transfer amacinc84@gmail.com

Ձեր նուիրատուութիւններուն համար շուտով տրազերծ ստացագիրները (Income Tax Receipts) պիտի ստանաք մեր գրասենեակէն։

«Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի» (Սաղմ. 41.1):

Ի դիմաց Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան

Միհրան Ճիզմէճեան                                                         Րաֆֆի Շնորհօքեան
Ատենապետ                                                                           Նախագահ