Հակիրճ Պատմականը եւ Գործընթացը Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւններուն

35-ԱՄԵԱԿ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի աւարտին, Հայ Աւետարանական առաջնորդներ կարիքը զգացին մարմին մը կազմելու որ օժանդակութեան ձեռք մեկնէր Ցեղասպանութեան հետեւանքով, Մերձաւոր Արեւելքի չորս ծագերուն մէջ թշուառութեամբ ապրող, բազմահազար հայորդիներու անմիջական կարիքներուն եւ նեցուկ կենար հայկական հաստատութիւններուն՝ Եկեղեցի, որբանոց, դպրոց, ծերանոց եւ այլն:

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Գործադիր Մարմինը, Վերք. Միհրան Գալայճեան, Հայկ Եարտըմճեան, Ս. Եաղուպեան եւ առեւտրականներ՝ Պրնք. Ճան Թէլֆէեան եւ Տիգրան Տոնջեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան սահուն ընթացք մը ապահովելու համար նախագիծ մը եւ ծրագիր-կանոնագիր մը պատրաստեցին:

7 Յունիս, 1918-ին, Ամերիկայի Մէսէչուսէց Նահանգի, Վուսթըր քաղաքին մէջ գումարուած Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Ժողովին, 10 Եկեղեցիներ եւ 12 Աւետարանչական Կեդրոններ ներկայացնող պատուիրակները, միաձայնութեամբ քուէարկեցին կազմել Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, որ 1918-1921 պետութեան մօտ արձանագրուեցաւ որպէս բարեսիրական միութիւն մը:

Ընկերակցութեան Գործադիր Քարտուղարները մեծ նուիրումով ծառայեցին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան վերելքին եւ յաջողութեան: Այս անհատներուն անսակարկ նուիրումը ապահովեց յաղթական երթը դէպի ապագայ:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հետեւեալ երկու Գործադիր Տնօրէններուն օրով՝ Մարտ 17, 1984-ին հիմնուեցաւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը:
1. Վեր. Կիրակոս Չոփուրեան՝ 1969-1975 որպէս Վարիչ Քարտուղար եւ ապա մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը 1987-ին ծառայեց որպէս՝ Ընկերակցութեան Առաջին Գործադիր Տնօրէնը:
2. Վեր. Մովսէս Ճանպազեան՝ 1980-1987 ծառայեց որպէս Ներքին Դաշտի Վարիչ եւ ապա, 1987-ին ստանձնեց եւ ձեռնհասօրէն վարեց Գործադիր Տնօրէնի պաշտօնը մինչեւ իր կանխահաս մահը 2000-ին:

Վեր. Ժիրայր Սողոմեան, Վեր. Դոկտ. Փիթըր Տօղրամճի, Տիար Լեւոն Ֆիլեան, եւ ժամանակաւոր կերպով՝ Վեր. Մկրտիչ Մելքոնեան 2000-2014 ծառայեցին որպէս Գործադիր Տնօրէններ: 1 Սեպտեմբեր, 2014 ին, Պրն. Զաւէն Խանճեան ստանձնեց Գործադիր Տնօրէնի պաշտօնը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան:

Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գաղափարի յղացման նիստը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան օրինակով՝ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 29 Մայիս, 1982-ին, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ, մասնակցութեամբ Գանատայի տարածքին վրայ ծառայող՝ չորս Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն, եւ ի ներկայութեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ներկայացուցիչներուն: Այս նիստին ատենապետ ընտրուեցաւ Վեր. Եսայի Սարմազեան եւ ատենադպիր՝ Պրն. Միհրան Ճիզմէճեան: Ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց Գանատայի Հայ Աւետարանչականը հիմնել՝ Դաշնակցային ճանաչումով Բարեսիրական Հաստատութիւն մը եւ արտօնութեան համար անյապաղ դիմել Պետութեան:

Գանատայի Պետութիւնը 7 Սեպտեմբեր, 1984-ին 89062 4190 RC0001 թիւ արտօնագիրով պաշտօնապէս ճանչցաւ Ընկերակցութիւնը որպէս բարեսիրական կազմակերպութիւն մը:

Շաբաթ, 17 Մարտ 1984-ը Ծննդեան թուականն է Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան որուն հիմնադիր անդամները եղան Հովիւներ՝ Վերք. Եսայի Սարմազեան, Ժիրայր Պզտիկեան, Յովհաննէս Ակներեան, Աբրահամ Ճիզմէճեան, Արտաշէս Գերպապեան: Աշխարհական անդամները՝ Օրիորդներ Ալիս Մարանճեան եւ Սօնիա Մաթոսեան, Տօքթ. Ճօրճ Աճէմեան եւ Պրնք. Անթոն Թորունեան, Գարեգին Սաղըրեան, Բաբգէն Թունթայեան, Յակոբ Պասմաճեան, Սուրէն Հաճեան, Սարգիս Հանէնեան, Միհրան Ճիզմէճեան, Անթիպաս Լուսարարեան, Բիւզանդ Տանայեան եւ Յակոբ Քահքէճեան:

Անցնող 35 տարիները Ընկերակցութեանս համար եղան դանդաղ սակայն յարատեւ աճման եւ զօրացման տարիներ: Եւ այսօր մենք ապագային կը նայինք աւելի մեծ վստահութեամբ եւ այն հաստատ համոզումով, որ սկսուած աստուածահաճոյ, ազգօգուտ եւ ազգաշէն այս գործը, Իր շնորհքով՝ պիտի շարունակէ հասնիլ հոն՝ ուր ցաւ, վիշտ եւ տառապանք կայ:

Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահներ

(1984-1991) Առաջին նախագահը՝ Տօքթ. Ճօրճ Աճէմեան, սիրայօժար տրամադրած էր իր գրասենեակը եւ քարտուղարուհին Ընկերակցութեան աշխատանքներուն համար:
Երկրորդ նախագահը՝ Պրն. Միհրան Ճիզմէճեան, 1992-ին գրասենեակը Մոնթրէալէն Թորոնթօ փոխադրեց եւ բարեհաճութեամբը Թորոն
թոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Աւետարանչականը ունեցաւ իր համեստ գրասենեակը 28 Glenforest Rd. եկեղեցապատկան շէնքին ներքնայարկը մինչեւ 1998, երբ Եկեղեցին փոխադրուեցաւ Մարքամ Քաղաք, իր նորակառոյց Եկեղեցական համալիրին մէջ: Այդ տարիներուն ունեցանք նաեւ առժամեայ վճարովի քարտուղարուհի մը:
Ստորեւ անունները Ընկերակցութեանս իրերայաջորդ նախագահներուն: Տօքթ. Ճօրճ Աճէմեան, Պրնք. Միհրան Ճիզմէճեան, Յակոբ Պասմաճեան, Վեր. Մհեր Խաչիկեան, Պրնք. Դաւիթ Թորունեան, Ղեւոնդ Նալպանտեան եւ Միհրան Ճիզմէճեան:

Վարիչ Քարտուղար եւ Գործադիր Տնօրէն

1995-2007 Ընկերակցութեանս Վարիչ Քարտուղարն էր Պրն. Միհրան Ճիզմէճեան: 2008-2014 ան ստանձնեց Գործադիր Տնօրէնի եւ ապա Նախագահի պաշտօնը:

Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Կեդրոնական Մարմինի մէջ որպէս Գանձապահներ ծառայած են՝ Պրն. Անթիպաս Լուսարարեան, Օրդ. Սօնիա Մաթոսեան, Պրնք. Յակոբ Պասմաճեան, Նուպար Տօրամաճեան, Ճէք Գաֆէսճեան եւ Սարգիս Մարանճեան:
Անցնող 35 տարիներու ընթացքին հետեւեալները որպէս խորհրդականներ, բերած են իրենց անգնահատելի ծառայութիւնները Կեդրոնական Մարմնին վրայ:

Վերք. Աբրահամ Ճիզմէճեան, Արտաշէս Գերպապեան, Յովհաննէս Ակներեան, Եսայի Սարմազեան, Ժիրայր Պզտիկեան, Յովհաննէս Սարմազեան, Մկրտիչ Մելքոնեան, Ճօրճ Տապօ, Սամուէլ Ալպարեան, Յովհաննէս Սվաճեան, Սերոբ Մկրտիչեան եւ Մարտիրոս Էյլէնճեան:
Օրիորդներ՝ Ալիս Մարանճեան, Լիզա Ալպար-եան, Ա. Անսբիկեան, Տիկիններ՝ Սալբի Գաճէմեան, Ծովինար Հաճեան, Անայիս Տօրամաճեան, Սիլվա Ենովքեան, Զելա Գագուսեան, Անի Հասրճեան եւ Հռութ Տէմիրճեան Տէօնչ:

Տիարք՝ Անթոն Թորունեան, Գարեգին Սաղըրեան, Բաբգէն Թունթայեան, Սարգիս Հանէնեան, Սիմոն Մուրատեան, Յարութ Ներսէսեան, Սուրէն Հաճեան, Ժան Աճէմեան, Յակոբ Քահքէճեան, Բիւզանդ Տանայեան, Վարդան Պագրճեան, Պերճ Պագրճեան, Սարգիս Թորոսեան, Յարութ Օհանեան, Լեւոն Հասրճեան, Յակոբ Ճանպազեան, Ճիմի Աճէմեան, Խորէն Փիլիպոսեան, Վաչէ Ալպարեան, Րաֆի Շնորհօքեան, Ճէրի Սապաղեան, Զարեհ Գագուսեան, Գուրգէն Պէտիրեան, Մկրտիչ Պալապանեան, Տիգրան Գալայճեան, Ժիրայր Փանոսեան, Ֆէրնանտ Հրաչ Վարդանեան, Ալէքս Թալասլեան, Յովիկ Զաքարեան եւ Էտուարտ Արապեան:

Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հիմնական Նպատակը

Ընկերակցութեանս հիմնական նպատակն է սատարել Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ հաստատուած մեր ազգակիցներուն կրօնա-բարոյական աճումին, եւ հասնիլ անոնց ընկերային անմիջական կարիքներուն, որպէս զի անոնք՝ հաստատ եւ հաւատարիմ մնան իրենց հայրերուն քրիստոնէական հաւատքին վրայ:

Ծրագիրներ – Բարեսիրական Ընկերային Ծառայութիւններ

Մերձաւոր Արեւելքի դպրոցներուն մէջ կը պահենք աւելի քան 1200 սան-սանուհիներ, օգտակար ըլլալով Հայկական կրթական օճախներուն որ բաց պահեն իրենց դռները բոլորին համար անխտիր, իսկ Հայրենիքի եւ Արցախի մէջ մօտ 2000 խնամակալուած որբեր կամ չքաւոր երեխաներ կ’օգտուին մեր որբախնամի ծրագիրէն: Հայաստանի մէջ կ’օժանդակենք նաեւ մանուկնե-րու Կաթի Ֆօնտին, Պնակ մը Ապուր ծրագիրին, Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ հայկական Երէցներու տուներուն (ծերանոցներ եւ անկելանոցներ):
Վերջերս, Սուրիոյ կացութեան վատթարացումին հետեւանքով, բերած ենք մեր լաւագոյնը: Մարտ 2014-ին, Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ
կազմակերպած ենք Մենահամերգ մը Արժանթինահայ Պարիթոն՝ Հրայր Պուճիգանեանի կատարողութեամբ: Համերգին հասոյթը աւելի քան
25,000 տոլար, եւ Մայիս 5 եւ 7, 2017-ին Նոր Յոյս Երգեցիկ խումբին համերգին հասոյթն ալ ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ՝ Սուրիահայութեան անհրաժեշտ կարիքներուն:
Օժանդակած ենք նաեւ այլեւ այլ վայրերու մէջ հեղեղներու, հրդեհներու եւ կամ երկրաշարժներու աղետեալներուն:

Կրթական Ծրագիրներ

• 6 Մանկապարտէզներ կը պահենք Ղարաբաղի մէջ ուր կը դաստիարակուին 500 է աւելի երեխաներ:
• Երեւանի մէջ՝ Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան նորակառոյց կրթական համալիրը որուն
բացումը կատարուեցաւ Հոկտեմբեր, 2014-ին:
Մանկապարտէզէն մինչեւ Երկրորդական բաժիններով կրթական օճախ մը, ուր աելի քան 700 սանսանուհիներ անվճար բարձրագոյն կրթութիւն կը ստանան:
• Կիւմրիի մէջ Մուսա Տաղի հերոսներէն՝ Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի անուան եւ Սպիտակի մէջ Վեր. Դանիէլ Սահակեանի անուան դպրոցները:
• Սկսած ենք «ՇՈՂ» ցերեկային կեդրոնները, ուր սորվելու դժուարութիւն ունեցող 400 է աւելի երեխաներ, դպրոցական ժամերէ ետք՝ մասնագէտներու, ընկերային ծառայողներու, հոգեբաններու եւ մանկավարժներու անմիջական հսկողութեան տակ կը պատրաստեն իրենց առօրեայ դասերը, եւ կը ստանան իրենց երեկոյեան սնունդը:

Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն – Հրատարակութիւններ

• Կիրակնօրեայ Դպրոցներ, Թատերական խմբակներ, Երգչախումբեր,
• 2012-ին, Հայ Գիրքի հրատարակութեան 500 ամեակի առիթով՝ յատկապէս մանուկներու համար հրատարակեցինք, «Մանկա Մեսիա»
Յիսուսի կեանքը ներկայացնող գունաւոր եւ պատկերազարդ գիրքը: Որպէս Աւետարանչութիւն գիրքը ձրիօրէն բաշխուեցաւ հետեւեալ եկեղեցիներուն եւ կրթական հաստատութիւններուն: Աւելի քան 600 օրինակ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան, 300 օրինակ Հ.Օ.Մ.ի Թորոնթոյի ամենօրեայ վարժարանին, 100 օրինակ Մոնթրէալի Հայց. Առ. Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին, 100 օրինակ Բասատինայի Հայ Աւետարանական Կիլիկիա Եկեղեցիին, 50 օրինակ Նիւ Ճըրսիի Յովնանեան Վարժարանին, 50 օրինակ Փօրթլէնտ — Օրէկոնի Սբ. Գէորգ Հայց. Առ. Եկեղեցիին եւ այլն:

Գիւղատնտեսական

Հէյֆըր Հայաստան (Heifer Armenia) կազմակերպութեան հետ գործակցաբար, Լօռիի, Տաւուշի, Արագածոտնիի եւ Արցախի Կիչան գիւղին մէջ կ’օգնենք չքաւոր ընտանիքներու: Մէկական կով հայթայթելով օգտակար կը դառնանք իրենց ամենօրեայ կարիքներուն եւ կ’իրականացնենք գիւղատնտեսական, անասնապահական, հայրենիքի պաշպանութեան՝ Հայը իր երկրին մէջ պահելու ծրագիրներուն:

Բժշկական

1988-ին Սպիտակի աղիտալի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, 2 շարժական դարմանատուներ ղրկուեցան Երեւան եւ Արցախ: Ցարդ կը շարունակենք դեղեր եւ բժշկական սարքաւորումներ հայթայթել հիւանդանոցներուն: Երեւանի մեր գրասենեակին կից եղող դարմանատան մէջ մասնագէտ բժիշկներ ձրիօրէն խնամք կը հայթայթեն:

Ամառնային Ճամբարներ

1992-էն ի վեր Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հազարաւոր երեխաներ, կ’օգտուին ամառնային ճամբարներու կազդուրիչ միջավայրին մէջ, լման շաբաթ մը լաւ սնունդ եւ խնամք ստանալով:

Հանգանակային եւ հասութաբեր ձեռնարկներ

Մեր այս ազգօգուտ սակայն ծախսալից ծրագիրներուն յաջողութեան համար, անցնող տարիներուն կազմակերպած ենք հանգանակային ճաշկերոյթներ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ, ինչպէս նաեւ հասութաբեր երաժշտական ձեռնարկներ, որոնք՝ յաջողութեամբ պսակուած են շնորհիւ ձեր՝ մեր բարեկամներուն բարոյական եւ նիւթական քաջալերութեան: Յուշամատեանի նկարներու բաժնին մէջ կարելի է տեսնել նկարներ այդ հասութաբեր հրապարակային ձեռնարկներէն: 2011-ի Երաժշտական Երեկոյին ձեր մասնակցութեամբ եւ առատաձեռն նուէրներով, յատկապէս Ղարաբաղի մէջ (Ասկէրան շրջան) Մանկապարտէզի շէնքին եւ շրջափակին նորոգուած նկարները:

Մեր Հայրենիքը այս օրերուն, յատկապէս Արցախ՝ անխտիր մեր բոլորին նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան պէտք ունի ապահովելու եւ յաւերժացնելու համար իր զաւակներուն անմեղ, սուղ եւ թանկագին արեան գնով ձեռք բերած իր անկախութիւնը:
2014 տարուան Երաժշտական ձեռնարկին հասոյթը գործածուեցաւ նորոգելու, Երեւանի թիւ 77 դպրոցին մաշած պատուհանները, պաշտպանելու համար մեր նոր սերունդի զաւակները Հայրենի ցուրտ ձմեռուան եղանակէն, իրենց գործածութեան համար տաքուկ դասարաններ ապահովելով եւ ձմեռնային վերարկուներ հայթայթելով:

Այս տարուան 35 Ամեակի Փառաբանական այս Շքեղ Ճաշկերոյթին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Ղարաբաղ՝ Ասկէրանի «Շող»
Ցերեկային կեդրոնի կարիքներուն եւ Մանկապարտէզին՝ որ վերջերս, շնորհիւ Տիար Յակոբ Պասմաճեանի իր ծնողներուն յիշատակին կատարած նուէրին, վերանուանուեցաւ՝ Գանատայի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւններու ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԵՓՐԵՄ ԵՒ ԶԱՊԷԼ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ:

Ընկերակցութեանս 35-ամեակին առիթով, մենք փառքը եւ պատիւը կու տանք մեր երկնաւոր Հօր Աստուծոյ՝ որ իմաստութիւն եւ կարողութիւն տուաւ մեզի աշխատելու եւ օգնութեան ձեռք երկարելու, ազատ եւ անկախ մեր Հայրենիքին, ինչպէս նաեւ մասնակցելու Արցախի վերակառուցման ճիգերուն:

Մասնաւոր շնորհակալութիւն անցնող 35 տարիներու ըննթացքին նուիրումով մեզի հետ ծառայող Խնամակալութեան բոլոր անդամներուն եւ յատկապէս ձեզի՝մեր սիրելի հայրենակիցներ, որ ձեր լաւագոյնը չզլացաք զօրակցելու մեզի հետ, բերելով ձեր նիւթական եւ բարոյական բաժինը հովանաւորելով եւ կամ մասնակցելով՝ կազմակերպուած հասութաբեր եւ հանգանակային մեր բոլոր ծրագիրներուն, ի փառս Աստուծոյ եւ ի շահ մեր անկախացած Հայրենիքին եւ ազատագրուած Արցախին։
«Ով որ ունի այս աշխարհին բարիքները եւ կը տեսնէ իր եղբայրը կարօտութեան մէջ է, ու կը փակէ իր սիրտը անոր առջեւ՝ Աստուծոյ սէրը ինչպէ՞ս կրնայ բնակիլ անոր մէջ: Որդեակնե՛ր, խօսքերով եւ լեզուո՛վ չսիրենք, այլ գործով եւ ճշմարտութեամբ» Ա. Յովհաննու 3: 17-18:

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

31 Դեկտեմբերէն առաջ հասած բոլոր նուէրները կը ստանան համապատասխան տրազերծ ստացագիրներ նոյն տարուան համար: Նուիրեցէ՛ք այնպէս, ինչպէս որ բոլոր բարիքներու աղբիւրը՝ Աստուած՝ կ’առաջնորդէ ձեզ:

ԿԱԼՈՒԱԾ ԵՒ ԲԱԺՆԵԹՈՒՂԹԵՐ

Այս տեսակի նուիրատուութիւններու պարագային ոչ միայն նուիրատուն պիտի օգտուի նուազ
տուրք վճարելով, այլեւ զերծ պիտի մնայ շահատուրք վճարելէ այս բոլորին վաճառքէն ետք:

ԿՏԱԿՆԵՐ, ԱՊՐՈՂ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆԵՐ, ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐՈՒԹԵՆԷ ՀԱՍՈՅԹ

Տարեվերջը լաւագոյն ժամանակն է հաշուեյարդար մը ընելու եւ ապագային մասին մտածելու: Երբ անհատ մը Ընկերակցութեանս կտակ, ապրող հիմնադրամ, եւ կամ կեանքի ապահովագրութենէ իր եկամուտը կը նուիրէ, մնայուն ժառանգութիւն մը կը ձգէ յետագայ սերունդներու համար:

ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆԵՐ

Նուէրներ եւ կտակներ կրնան գործածուիլ հիմնադրամներ հաստատելու նուիրատուին կամ իր մէկ սիրելիին անունով: Այս հիմնադրամներուն եկամուտը միայն կը գործածուի նուիրատուին համաձայնութեամբ Աւետարանչականի ծրագիրներէն՝ իր նախընտրած մէկ նպատակին համար:
Շատ մը ձեւերով կարելի է նպատակայարմար նուիրատուութիւններ կատարել: Սակայն անոնց ծրագրումը եւ ժամանակը կարեւոր է: Պահ մը լրջօրէն մտածեցէք թէ՝ Ձեր նուէրը ի՞նչ պիտի նշանակէ այսօր ձեզի համար, եւ վաղը՝ ուրիշներու համար:

Կը խնդրենք որ ձեր վճարագիրերը (cheques) գրէք AMAC-ի անուան յստակօրէն յիշելով այն ծրագիրը կամ ծրագիրները որոնց համար կը կատարուի նուէրը եւ ղրկէք հետեւեալ հասցէին: President, AMAC, 45 Fairglen Avenue, Toronto, Ontario, M1T 1G8, Canada.

Թող բարձրեալն Աստուած առատօրէն օրհնէ ձեզ:

Միհրան Ճիզմէճեան
Նախագահ՝ 2019