ԱԿՆԱՐԿ

Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը տասնեակ տարիներու աստուածահաճոյ, բարեսիրական եւ ազգօգուտ ծառայութիւններու գնահատելի վաստակ մը ունի անխտիր` Հայ Ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար:

ՆՊԱՏԱԿ

Ընկերակցութեանս գլխաւոր նպատակն է ծառայել Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ հաստատուած մեր Ժողովուրդի զաւակներուն կրօնաբարոյական աճումին եւ մեր հայրերու հաւատքին ամրապնդումին:

Այս նպատակներուն հասնելու համար, Ընկերակցութիւնս իր մարդասիրական ծառայութիւնները կը բերէ հետեւեալ մարզերուն մէջ…

  • Իբրեւ աւետարանչական թեւ, ծառայել Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին:
  • Հոգեւոր, կրթական եւ բարեսիրական ծառայութիւններ մատուցանել:
  • Քրիստոնէական սիրոյ հաղորդակցութեան ազդակ մը ըլլալ` անխտիր Հայ              Ժողովուրդին:
  • Նիւթական եկամուտներ ապահովել՝ կտակներով, այլազան գործունէութիւններով եւ գործելակերպերով հետեւեալ նպատակներուն համար.

ա) Կրթանպաստ չքաւոր ուսանողներու՝ Մերձաւոր Արեւելք, եւ Դրամական օժանդակութիւն՝ Հայաստան  եւ Արցախ,
բ) Ղարաբաղի Ասկերան քաղաքի Մանկապարտէզի ընդհանուր ծախսերու օժանդակութիւն: 

գ) Ազգային ծերանոցներ — Հալէպ եւ Պէյրութ:

դ) Ամառնային երիտասարդական ճամբարներ` Հայաստան, Արցախ եւ Ամերիկա:

ե) Հայաստանի Մանուկներու Կաթի Ֆօնտ:

զ) Սուրբ Ծննդեան ուրախութեան ծրարներ

է) Բնական աղէտներ՝ երկրաշարժ, հրդեհ, հեղեղներ եւայլն:

ը) «ՇՈՂ» Ցերեկային Կեդրոններ:

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԴՐԱՄԱԿԱՆ. 31 Դեկտեմբերէն առաջ Ընկերակցութեանս գրասենեակ հասած բոլոր նուէրները, կը ստանան տրազերծ ստացագիրներ նոյն տարուան համար: 

Այդ նուէրները ոչ միայն նուիրատուներուն ուրախութիւն կը պատճառեն, այլ նաեւ հազարաւոր մանուկներու որոնք կ՛օգտուին այդ նուէրներէն: 

Կը խնդրենք որ նուիրէք այնպէս, ինչպէս որ բոլոր բարիքներու աղբիւրը Աստուած՝ կը նուիրէ ձեզի:

ՀԻՄՆԱԴՐԱՄՆԵՐ. Նուէրներ եւ կտակներ կրնան գործածուիլ հիմնադրամներ հաստատելու նուիրատուին կամ իր մէկ սիրելիին անունով: Պահ մը լրջօրէն մտածեցէք թէ՝

Ձեր նուէրը ի՞նչ պիտի նշանակէ ԱՅՍՕՐ ձեզի համար, եւ ՎԱՂԸ ուրիշներու համար:

Կը խնդրուի վճարագրերը գրել AMAC-ի անուան եւ ղրկել հետեւեալ հասցէին՝ 
AMAC @ 11455 Rue Drouart, Montréal, QC, H3M 2S6, Canada
Կամ գործածել՝
PayPal – amacinc84@gmail.com 
կամ՝ Interac e-transfer– amacinc84@gmail.com

Թող բարձրեալն Աստուած առատօրէն օրհնէ ձեզ:

 

«Որդեակներս, ոչ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով». Ա. Յովհ. 3.18: