Տարեցներու Տուներ

ՀԱՄԱՅՆՔ ՄԸ, ԿԱՄ ԱԶԳ ՄԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ ԻՐ ԱՄԵՆԱՏԿԱՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՎԱՐՈՒԵԼՈՒ ԵՂԱՆԱԿՈՎ:

ՔԱՀԼ- Հայ տարեցներու տունը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը խնամելով տարեցները Լիբանանի հայկական համայնքին, շատ դժուար նիւթական կացութեան մը մէջ եւ երկրին Պսակաձեւ ժահրի լուրջ վտանգի պայմաններուն տակ:

Ներկայիս ՔԱՀԼ կը խնամէ 124 տարեց բնակիչներ (Յաւելեալ ըլլալով, որ 18 ծերերու ալ ճաշը կը մատուցուի իրենց բնակարաններուն մէջ): Մեր տարեցներուն մեծամասնութիւնը 78- տարիքէն վեր են: Մեր 73 պաշտօնէութիւնը (Բժիշկ, բուժքոյրեր, տնտէսներ եւ խոհարարներ) իրենց լաւագոյնը կը կատարեն տարեցները առողջ եւ ուրախ պահելու համար: Մարդու սեփական տան նման տեղ չկայ, սակայն ՔԱՀԼ-ի մէջ մենք ալ մեր կարելին կ՛ընենք, անոնց տան զգացումը պարգեւելու համար, հայկական աւանդութիւնները պահպանելով, հայկական տօները նշելով, մշակութային եւ յատուկ առիթներ կազմակերպելով:

Մեր անմիջական երկու մարտահրաւէրներն են.

  1. COVID-19 Պսակաձեւ համավարակը, ամէնօրեայ խնդիրն է անհրաժեշտ միջոցներ հայթայթողներ եւ վաճառողներ գտնել, կարենալ գնելու համար ինչ որ պէտք է, բան մը, որ մեզ կառաջնորդէ թիւ 2-ին.
  2. Պիւտճէ, դրամական կարիք: Լիբանանը կը դիմագրաւէ շատ սուր տնտեսական ճգնաժամ մը, ինչպէս բոլորը, այնպէս ալ ՔԱՀԼ ազդուած են այս կացութենէն:
  3. Մեր ապագայ մարտահրաւէրը… Մտագարութեան եւ զարամախտի հիւանդութիւն ունեցող տարեցներուն թիւը երթալով կ՛աւելնայ: Այսպիսիներուն խնամքը կը պահանջէ յատուկ միջոցներ եւ մասնագէտներ:

Մեր հիմնական աղբիւրը յոյսի մեր Տէրն է: Մեր հաւատքը կ՛օգնէ մեզ որ շարունակենք մեր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը, գիտնալով որ Աստուած պիտի հոգայ Իր զաւակներուն եւ Ինք պիտի ներշնչէ Բարի Սամարացիները որ օգնեն իրենց ազգակից անկար լքեալներուն:

Գանատայի Բարի Սամարացիներու նուիրատուութիւնները կը փոխանցուին ՔԱՀԼ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան միջոցով:

«Ճշմարիտ կ՛ըսեմ, ինչ որ ըրած էք իմ քոյրերէս եւ եղբայրներէս մէկուն, ըրած էք ինծի». Մատթէոս 25.40: