1991-ին Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնները սկսան երեխաներու հովանաւորութեան ծրագիրի մը գործադրութեան՝ Հայաստանի մէջ դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կանոնաւոր կերպով օգնելու նպատակով: Ծրագիրը սկսաւ ընդամէնը 37 երեխաներու հովանաւորութեամբ: Տարիներու ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հովանաւորութիւն վայելող երեխաներուն թիւը հասաւ 2000-ի:
Ընկերային ծառայութեան աշխատողներու միջոցաւ հովանաւորուած երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կը տրամադրուի բազմակողմանի աջակցութիւն:
- Եռամսեակային դրամական օգնութիւն
- Սննդամթերք
- Հագուստ
- Առողջապահական-մաքրողական պարագաներ
- Գրենական պիտոյքներ
- Պարբերաբար կատարուող կարիքներու գնահատման հիման վրայ ընկերային ծառայութեան աշխատողներու կողմէ մասնագիտական ծառայութիւններ կը մատուցուին բացայայտուած հիմնախնդիրներու լուծման կամ թեթևացման ուղղութեամբ:
Հովանաւորուած երեխաները կ՛օգտուին ծրագրի հետևեալ ծառայութիւններէն.
- Կազմակերպութեան մասնաճիւղերու մէջ գործող տարբեր կրթական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, մարզական, արուեստի և արհեստի անվճար խմբակներ:
- Ամանորեայ, Սուրբ Ծնունդի, Զատիկի առիթներով կազմակերպուող միջոցառումներ և նուէրներու տրամադրում
- Ամառնային ամէնօրեայ բակային և Հանքաւանի «Շողիկ» մէկշաբաթեայ ներառական ճամբարներ (նաև յատուկ կարիքներով երեխաներու համար)
- Բժշկական և ատամնաբուժական ծառայութիւններ, անհրաժեշտութեան պարագային՝ դրամական աջակցութիւն՝ դեղորայքի ձեռքբերման, վիրահատութեան, բժշկական հետազօտութեան համար: