Ծրագիրներ

Մանկական Սնունդ

1988-ի Սպիտակի աղետալի երկրաշարժէն յետոյ, 1989-ին Պոսթոնի մէջ, խումբ մը կամաւորներու կողմէ ստեղծուեցաւ «Հայ մանուկներու կաթ» հիմնադրամը: Հիմնադրամին առաքելութիւնն է Հայաստանի եւ արցախի մանուկներուն համար մանկական սնունդի գումարներ հայթայթել եւ նուիրատուութիւններ ձեռք բերել:

Երեխաներու Հովանաւորութիւն

1991-ին Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնները սկսան երեխաներու հովանաւորութեան ծրագիրի մը գործադրութեան՝ Հայաստանի մէջ դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կանոնաւոր կերպով օգնելու նպատակով:

Մանկապարտէզներ

Մանուկ ուղեղները ամենէն աւելի տպաւորուող են եւ աճողական: Ասկերանի (Արցախ) մանկապարտէզը, որ իր բացումը կատարեց 2002-ին, մեկենասութեամբ քոյր կազմակերպութիւններ Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւններու, յանձնառու է իր աշակերտներուն հայթայթել անհրաժեշտ օժանդակութիւնը, յաջորդ դասարան անցնելու համար:

Սուրբ Ծննդեան Ուրախութիւն

Երկար տարիներ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիի եւ Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւններու նախաձեռնութեամբ, Մեր Տէր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան Բարի Լուրը Հայաստանի եւ Արցախի հազարաւոր մանուկներու համար իւրայատուկ կը դառնայ նաեւ նուէրներու շնորհիւ:

Ամառնային Համագումարներ

ԱՀԱԸ-ի եւ ԳՀԱԸ-ի կարեւոր ծրագիրներէն մէկն է տարիներէ ի վեր օժանդակել ամբողջ աշխարհի մէջ Ամառնային Համագումարներու յայտագրին: Այս յայտագիրները ծրագրուած են, որպէսզի բաժնեկցին Յիսուսի սէրը մանուկներու եւ երիտասարդներու հետ գործնական ձեւերով՝ սորվիլ, զարգացնել իրենց ձիրքերը, ընկերային յարաբերութիւններ մշակել, նոր ընկերներու ծանօթանալ, սնելով Քրիստոնէական սիրոյ եւ հոգատարութեան մթնոլորտի մէջ:

Կրթանպաստ

Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հիմնադրութենէն (1984) էն ի վեր, իր նիւթական նպաստը կը բերէ Մերձաւոր Արեւելքի Վարժարաններուն մէջ նպաստընկալ ուսանողներու թիւին համաձայն, դպրոցին 300 տոլար կրթանպաստ հայթայթելով:  Մեր դպրոցներուն մէջ կը պահենք աւելի քան 100 սան-սանուհիներ եւ օգտակար կը դառնանք մեր կրթական օճախներուն, որ բաց պահեն իրենց դռները բոլորին համար անխտիր:

Պէյրութի Հայ Տարեցներու Տուն

Համայնք մը, կամ ազգ մը կը գնահատուի իր ամենատկար անդամներուն հետ վարուելու եղանակով: ՔԱՀԼ- Հայ տարեցներու տունը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը խնամելով Լիբանանի հայկական համայնքի տարեցները, շատ դժուար նիւթական կացութեան մը մէջ…

Հալէպի Հայ Ծերանոց

Հալէպի Հայ Ծերանոցը (Հանգստեան Տունը)՝ Սուրիա, հոգատարութեան տակ կը գտնուի երեք Հայ Յարանուանութիւններուն՝ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական:

Տնօրէններու մարմին մը կը հովանաւորէ կեդրոնը:

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարան

ՀԱյնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանը, իր գիշերօթիկի բաժինով, Սփիւռքի Մերձաւոր Արեւելքի միակ վարժարանն է, որ միեւնոյն ժամանակ թէ՛ բնակարանային հոգածութիւն կ՛ընձեռէ, թէ ուսման: