Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանը, իր գիշերօթիկի բաժինով, Սփիւռքի Մերձաւոր Արեւելքի միակ վարժարանն է, որ միեւնոյն ժամանակ թէ՛ բնակարանային հոգածութիւն կ՛ընձեռէ, թէ ուսման:
Վարժարանի առաքելութիւներէն են.
- Ապահով միջավայր մը տրամադրել կարիքաւոր երեխաներուն, որոնք կարիք ունին ընկերային եւ հոգեբանական օգնութեան
- Բարձրամակարդակ ակադեմական ծրագիրներով փոխանցել հաստատուն եւ որակաւոր կրթական խնամք
- Երեխաները հաղորդակից դարձնել Հայկական-Լիբանանեան հասարակութեան, քաջալերելով զանոնք եւ ուսուցանելով արժանիքներ եւ ժառանգուած արժէքներ
- Քրիստոնէական արժէքներ սերմանել անոնց մէջ եւ անհատական հոգեւոր կապեր Փրկիչ Յիսուսի, բաժնեկցելով Աստուծոյ սէրն ու շնորհը:
Վարժարանը հիմնուած է 1942-ին, եւ 1956-էն ի վեր ունեցած է կրթական բոլոր բաժանմունքները՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական: Վարժարանը ուսում կը ջամբէ 3-էն մինչեւ 18 տարեկաններուն, հնարաւոր դարձնելով, որ իւրաքանչիւր աշակերտ, անջատ իր նիւթական կացութենէն, ունենայ որակաւոր ուսում: Այդ նպատակին համար ան իր յատուկ տեղը ունի Լիբանանեան իրականութեան մէջ, ոչ միայն գործելով ընդհանուր, կամ անձնայատուկ ուսումնական ծրագիրներու ընդմէջէն, այլեւ ընկերա-մարդասիրական միջոցներով, յատկապէս մեր գիշերօթիկ բաժինով, որ հիմնուած է 1947-ին, հոգալու համար որբերուն եւ կարիքաւոր երեխաներուն:
Ներկայիս, գիշերօթիկ բաժինը կը հիւրընկալէ երկսեռ աշակերտներ տարբեր համայնքներէ: Անոնք կու գան ցած ընկերա-տնտեսական ընտանիքներէ, ոմանք որբեր են, ոմանք ենթարկուած են մարմնական, կամ հոգեկան բռնութիւններու, ոմանք կ՛ապրին վատ պայմաններու մէջ, ուրիշներ վտանգուած են բռնաբարութեամբ եւ չեն կրնար ապրիլ իրենց ընտանիքին, կամ ազգականներուն հետ: Մենք զիրենք կ՛ընդունինք մեր մեծ ընտանիքին մէջ եւ կու տանք անոնց հոգատարութիւն , ուշադրութիւն եւ սէր: Երեխաները կարիք ունին առողջ միջավայրի, հոգարարները քաջալերելով, դպրոց մը որ կ՛ընդունի անոնց տկարութիւնն ու անոնց կը ներածէ ոյժ:
Վարժարանին կարգ մը յատկութիւններէն յիշենք.
- Անձնական ուսման ծրագիր թերաճ աշակերտներու, թերուսներու, կամ գաղթական երեխաներու, որոնք տարիներէ ի վեր դպրոց չեն յաճախած:
- Սուրիացի գաղթական երեխաներու համար կրթաթոշակի ծրագիր
- կրթաթոշակի հիմնադրամ գիշերօթիկներու համար (Ներառեալ սնունդ, կենցաղային ծախսեր եւ յատուկ կարիքներ)
- կրթաթոշակ սահմանափակ կարողութեամբ ընտանիքներու տաղանդաւոր աշակերտներուն
- GoGreen project ուսուցանելու բուսաբանութիւն եւ գործնական հողամշակում:
- Վերամշակման ծրագրի օգուտները
- Արեգակնային ոյժի օգտագործումը
- Ամառնային ապահովութիւն վտանգուած երեխաներու
- Վարժութիւն եւ օգնութիւն այսօրինակ երեխաներու ուսուցիչներուն
Ամենակարեւոր գործիքը, որ կը տրուի աշակերտներուն, Թապլէթներն (Ձեռքի համակարգիչներ) են, որոնք կը տրուին աշակերտներուն, որպէսզի թէ՛ աշակերտները, թէ՛ իրենց ընտանիքները ծանօթանան եւ հաղորդակցին ճարտարագիտութեան ճամբով, առաւել անգլերէնի օժանդակ դասարանները սուրիացի թոշակաւորներուն:
Ուրեմն, ամէն ինչի մէջ որ վարժարանը կը կատարէ, մենք կը նայինք եւ կը հետեւինք Քրիստոսի օրինակին, որն է՝ մարտահրաւէրները փոխակերպել փոփոխութեանց, դէպի աւելի լաւը եւ օգնել երեխաներն ու անոնց ընտանիքները սիրով, հոգատարութեամբ, հիւրընկալութեամբ, հասկացողութեամբ, հոգատար խորհրդատուի եւ դեռ աւելին:
Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանը իր գիշերօթիկ բաժինով (ՀԱԵՎ) Սփիւռքի Մերձաւոր Արեւելքի միակ վարժարանն է, որ միւենոյն ժամանակ թէ՛ կեցութեան եւ թէ՛ ուսումնական հոգատարութիւն կը ջամբէ 4-18 տաեկաններուն: