Հալէպի Հայ Ծերանոցը (Հանգստեան Տունը)՝ Սուրիա, հոգատարութեան տակ կը գտնուի երեք Հայ Յարանուանութիւններուն՝ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական:
Տնօրէններու մարմին մը կը հովանաւորէ կեդրոնը:
Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԳՀԱԸ) նուիրատուութիւններ կը ստանար այն օրէն ի վեր երբ՝ 1984-ին որոշեց օգնել Ծերանոցին անոր նիւթական վիճակը բարելաւելու համար:
30 տարեցներ կը բնակին շէնքին մէջ: Բնակիչները խնամքին տակ կը գտնուին բժիշկի մը, որ զիրենք կ՛այցելէ շաբաթը երեք անգամ: Երբ վիրահատում մը անհրաժեշտ նկատուի, կարգադրութիւններ կ՛ըլլան մասնագէտներու հետ, որոնք յաճախ գործողութիւններ կը կատարեն անվճար:
Պաշտօնէութեան թիւը ընդամէնը 12 է, որոնցմէ 10-ն մնայուն են եւ երկուքը այցելու (Բժիշկը եւ հաշուապահը)
Ծերանոցին Տնօրէնութիւնը մեծապէս կը գնահատէ առողջապահական եւ սնունդի մարդասիրական օժանդակութիւնը, որ տրամադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ: Հոգեւոր սնունդը տարեցներուն կը տրամադրուի երեք Յարանուանութիւններու կողմէ ծերանոցի մատրան մէջ:
Ընկերային ծառայութեան յանձնախումբեր, Տիկնանց համախմբումներ կ՛այցելեն ծերանոց յատուկ տօնական օրերուն (Ս. Ծնունդ, Զատիկ, Մեծ Եղեռնի յիշատակի օր) իրենց հիւրասիրութիւններով եւ միջոցառումներով ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելով մեր երէց քաղաքացիներուն: