Լուսանկարում՝ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձինք՝ Հայաստան-Սփիւռք առաջին համաժողովի բացմանը Երեւանում. Սեպտեմբեր 1999։ Ձախէն աջ՝ Պոլսոյ Հայոց 84-րդ Պատրիարք Արք. Մեսրոպ Բ Մութաֆեան, ԱՀԱԸ գործադիր տնօրէն Վեր. Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոս, Սպարապետ Վազգէն Սարգսեան եւ ՀՀ ԱԺ Նախագահ Կարէն Տէմիրճեան։

* * *

«Երեւանում 1999-ի սեպտեմբերին կայացած Հայաստան-Սփյուռք համաժողովին, որպես Հայ Ավետարանական համայնքի ներկայացուցիչ, վեր. Մովսես Ճանպազյանը դիմեց լսարանին։ Բայց բոլոր քաղաքական ու կրոնական բանախոսների թվում, Ճանպազյանի ելույթն ամենահզորն ու ամենաազգայինն էր»։ (ԱԻՄ թերթ, հոկտեմբեր 2000)

* * *

Ամերիկայի Հայ Ավետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրեն Վեր. Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեանի Պատմական Ելոյթը Հայաստան-Սփիւռք Առաջին Համաժողովին
22-23 Սեպետեմբեր, 1999 – Երեւան, Հայաստան

Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուարժան նախագահներ, Վեհափառ Տէր եւ հայրենակիցներ։ Յանուն Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին եւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի 155 Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն, կ՚ողջունենք ձեզ Քրիստոսաւանդ ջերմ սիրով։ Այս առթիւ մեր շնորհաւորութիւնները ու շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Հայաստան-Սփիւռք այս աննախընթաց Համաժողովին գաղափարը յղացող ու զայն իրականութիւն դարձնողներուն։

Սփիւռքը եւ Հայաստանը յուզող հիմնահարցերը բաւականին ծանր են եւ լուրջ։ Հետեւաբար, այս պատմական Համաժողովը ծանր պատասխանատուութիւններ ու լուրջ յանձնառութիւններ կը դնէ զայն կազմակերպողներուն եւ անոր մասնակցող Հայրենի եւ Սփիւռքի ղեկավարութեան վրայ։ Այս պատճառով է որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին լրջութեամբ ու աղօթքով կը մասնակցի այս վեհաժողովին՝ աշխարհի բոլոր Հայ Աւետարանական շրջանային միութիւններու ներկայացուցիչներով՝ յանձինս Վեր. Եուրի Աւանէսեանի՝ Հայաստանէն, Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի՝ Մերձաւոր Արեւելքէն, Վեր. Վահան Թութիկեանի՝ Հիւսիսային Ամերիկայէն, Պրն. Անդրանիկ Թորիկեանի՝ Հայ Աւետարաչական Ընկերակցութենէն, Վեր. Ժիլպեր Լեւոնեանի՝ Եւրոպայէն, Վեր. Ռընէ Լեւոնեանի՝ Եւրասիայի շրջանէն, Պրն. Պօղոս Հալաճեանի՝ Ֆրանսայէն, Վեր. Դոկտ. Մովսէս Պ. Ճանպազեանի՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդէն եւ Պրն. Համբարձում Մումճեանի՝ Հարաւային Ամերիկայէն։

Հայ Աւետարանականներ աւելի քան մէկուկէս դար անբաժան մէկ մասնիկը եղած են Հայ ժողովուրդի կեանքին ու պատմութեան։ անցնող 153 տարիներուն, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի հետեւորդներ, Հայ ժողովուրդին հետ միասին ըմպած են ջարդերու, ցեղասպանութեան ու հայրենազրկութեան բոլոր դառն բաժակները։ Միեւնոյն ատեն, Հայ Աւետարանականները եղած են անվերապահ մասնակիցը մեր ժողովուրդի բոլոր մաքառումներուն ու իրագործումներուն։

Ներկայիս, Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, Աստուծոյ շնորհքով կը շարունակէ ծառայել մեր ազգին՝ Հայաստանի եւ 20 այլ երկիրներու մեր Հայ գաղութներուն մէջ, իր աւելի քան 155 բեմերով, 185-է աւելի ձեռնադրուած հոգեւոր մշակներով, 25 կրթական օճախներով, Հայաստանէն դուրս գործող հայկական միակ բարձրագոյն կրթական հաստութիւնը եղող՝ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանով, բազմաթիւ ընկերային ծառայութեան կեդրոններով, հրատարակութիւններով, երիտասարդական կեդրոններով, եւ կրթանպաստի ու մարդասիրական նպատակներու յատկացուած մեծագումար հիմնադրամներով։ Մանաւանդ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին Քրիստոնէական ծառայութիւնը միաւորող Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան միջոցով, Հայ Աւետարանակններ անհամեմատօրէն մեծ ծառայութիւններ կը մատուցանեն Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

Աշխարհասփիւռ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները՝ Հայաստան-Սփիւռք առաջին համաժողովին. ձախէն աջ՝ Վեր. Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան, Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Վեր. Գրիգոր Եումշաճըքեան, Անդրանիկ Թորիկեան, Վեր. Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեան, Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան, Վեր. Եուրի Աւանէսեան, Վեր. Ժիլպէր Լեւոնեան, Համբարձում Մումճեան եւ Պօղոս Հալլաճեան

Հայ Աւետարանական Եկեղեցին նորոգուած հաւատքով կ՚աղօթէ եւ կ՚աշխատի Հայաստանի եւ բոլոր Սփիւռքի միջեւ եղած փոխ-յարաբերութիւններու զարգացումին, որ պիտի նպաստէ թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին յառաջդիմութեան ու վերելքին։ Արդարեւ, մենք կը հաւատանք թէ անկախ պետականութիւն ունեալը առիթ կ՚ընծայէ աւելի սերտ եւ զօրաւոր յարաբերութիւն մը մշակելու Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Այս յարաբերութիւնը մենք պիտի որակենք symbiotic յարաբերութիւն մը. այսինքն՝ իրարու գոյութիւնը կարելի ընող յարաբերութիւն մը։

Երկու հիմնական ճշմարտութիւններու վրայ է որ հիմնուած է Հայաստան-Սփիւռք փոխ-յարաբերութեան վերաբերող մեր հասկացողութիւնը։

Առաջինը այն է, թէ իրենք զիրենք Հայ դաւանող աշխարհի բոլոր մարդկային արարածները կը կազմեն մէկ ազգ՝ Հայ ազգը. Անոնք ունին մէկ հայրենիք՝ Հայաստան աշխարհը. Եւ այս երկուքը՝ մէկ դրօշի՝ Հայկական կարմիր, կապոյտ ու նարնջագոյն երագոյնին տակ։

Երկրորդ ճշմարտութիւնը այն է թէ, միասնականութիւնը միօրինակութիւն չէ եւ չկրնար ըլլալ։ Այլ՝ միասնութիւն էական հարցերու շուրջ համախոհութիւն եւ համագործակցութիւն է։ Այլ խօսքով, այն միասնութիւնը որ մենք իրագործելի կը տեսնենք Սփիւռքի մէջ, եւ Սփիւռքի ու Հայաստանի միջեւ, անհրաժեշտօրէն կը հիմնուի հետեւեալ սկզբունքներու վրայ.-

  • Էական խնդիրներու մէջ անսակարկելի եւ անվերապահ միութիւն, ու մինչեւ իսկ միօրինակութիւն.
  • Ոչ-էական խնդիրներու մէջ ազատութիւն եւ իրար հասկացողութիւն.
  • Սակայն ամէն խնդիրներու մէջ՝ անխառն սէր ու յարգանք իրարու հանդէպ։

Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կը հաւատայ թէ Հայ ազգը յուզող էական հիմնահարցերու գլխաւորներն են.-

  1. Արցախի ազատագրութեան ու անկախութեան երաշխաւորումը ամէն միջոցներով, բայց նախընտրաբար քաղաքական միջոցներով եւ հնարամիտ բանակցութիւններով։ Ինչպէս նաեւ յարմար ժամանակին, Լեռնային Ղարաբաղի Հայկական հողերու կցումը մեր Հայրենիքի մայր հողին։
  2. Մեր Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորումը զինուորական բաւարար պատրաստութեամբ, եւ Սփիւռքի հետ համադրուած արտաքին ճկուն քաղաքականութիւն մը վարելով, թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ միջազային մակարդակներու վրայ։
  3. Հայաստանի ժողովրդական կարգերու եւ պետական կայունութեան երաշխաւորութիւնը, որ իր կարգին պիտի երաշխաւորէ ամէն քաղաքացիի մարդկային իրաւունքները, ներառեալ եւ մասնաւորապէս խղճի, կրօնի ու պաշտամունքի ազատութեան իրաւունքները։
  4. Հայաստանի տնտեսութեան աշխուժացումը, ներկայ շրջափակումի դժուարութիւնները յաղթահարելով, ազատ շուկայի փորձուած դրութիւնը ամբողջութեամբ կիրարկելով, սեփականաշնորհման վերաբերող օրէնքները անաչառութեամբ գործադրելով, հարկերու իմաստուն դրութիւն մը որդեգրելով, եւ Սփիւռքեան ու միջազգային, նիւթական ներդրումներու համար բարենպաստ օրէնքներ մշակելով, վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելով, ու քարոզչական աշխատանք տանելով։
  5. Հայաստանի կրթական ծրագրին բարեկարգութեան ու արդիականացման անյապաղ հետապնդումը, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր ներկայի ու գալիքի սերունդները պատրաստել 21-րդ դարու գիտութիւններու եւ տեխնոլոկեաներու կարելիութիւններէն օգտուելու եւ մեր ժողովուրդը ամէն մարզերու մէջ ուրիշ ժողովուրդներու հետ կարող մրցակից դարձնելու։
  6. Դարասկիզբին մեր ազգին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը հետեւողական աշխատանքով աւելի մեծ թիւով ազգերու եւ միջազգային պետական կառոյցներու կողմէ ճանչցուելու սրբազան պարտականութեան հետապնդումը, եւ Սփիւռք-Հայաստան համադրուած աշխատանքով մեր ազգին դէմ գործուած անարդարութեան սրբագրութեան ու հատուցման ձեռքբերումը։
  7. Ղարաբաղէն ու Հայաստանէն արտագաղթի կասեցումը, բարձրացնելով մեր ժողովուրդին կենսամակարդակն ու որակը։
  8. Կարելի ամէն միջոցներով պայքար Սփիւռքի հայութեան ցուլումին դէմ, եւ համադրուած աշխատանք ի խնդիր Սփիւռքի մեր մատղաշ սերունդներուն հայեցի դիմագիծին կերտումին ու Հայ ազգային պատկանելիութեան զգացումի զօրացման։
  9. Կարելի բոլոր միջոցներով Սփիւռքի ու Հայաստանի իրարու զօդումը՝ իրարօգնութեան եւ անվերապահ ընդունման կապերով, երկքաղաքացիութեան օրէնքով Հայաստանի մէջ «քիպուց»ի օրինակով համայնքներ ստեղծելով, հայրենիքը Հայ եւ ոչ Հայ զբօսաշրջիկներու գրաւիչ եւ մատչելի դարձնելով, արեւլահայ եւ արեւմտահայ լեզուներու տարբերութիւնը նուազեցելով եւ այլ միջոցներով։

Մենք կը հաւատանք թէ այս հիմնահարցերը պէտք է Սփիւռքի ու Հայաստանի կողմէ քննարկուին միասնաբար եւ անոնցմէ թելադրուող առաջադրանքները պէտք է հետապնդուին Սփիւռք-Հայրենիք սերտ գործակցութեամբ։

Որպէս Հայ Աւետարանականներ մենք ունինք նաեւ այլ մտահոգութիւն մը, որ կը վերաբերի մեր ժողովուրդին Քրիստոնէական հաւատքի թուլացման։ Տարբեր պատճառներով թէ՛ Հայրենիքի մէջ եւ թէ՛ արտերկի մէջ, մեր ժողովուրդը կորսնցուցած է մեր վաղեմի հոգեւոր արժէքները, մեր նախնիներու Քրիստոնէական հաւատքը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հոգեւոր տեսիլքը, որոնք այնչափ կարեւոր դեր ունեցած են մեր ազգային իւրայատուկ դիմագիծի, նկարագրի ու մշակոյթի կերտումին մէջ։ Որպէսզի կարողանանք վերագտնել մեր ազգային պատմական ու հարազատ ինքնութիւնը, անհրաժեշտ է վերադառնալ Աւետարանէն բխող մեր պապերու սրբազան ու անաղարտ Քրիստոնէական հաւատքին։ Եթէ չկարենանք ապրիլ որպէս Քրիստոնեայ ազգ, մենք կը հաւատանք որ այն անկախութիւնը որ ձեռք բերած ենք, այն հողերը որ ազատագրած ենք, եւ տնտեսական, գիտական ու սոցեալական այն վերելքը որ կը յուսանք իրագործել, բոլորը ապարդիւն պիտի ըլլան։ Կարելի չէ կերտել բարիքներով լի աշխարհ առանց կերտելու մարդոց հոգեւոր ներաշխարհը։ Կարելի չէ ազնիւ մշակոյթ, ազնիւ կենցաղ ու ազնիւ քաղաքակրթութիւն ստեղծել առանց ազնիւ արժէքներու, առանց հոգեւոր սկզբունքներու եւ առանց ճշմարտութեան, որոնց ամենայստակ ու անարատ աղբիւրն է Աստուած՝ տիեզերքի Արարիչը, Տէրն ու Փրկիչը։ Ուրեմն, մեր բարձրագոյն յոյսը ու ջերմագին աղօթքն է, որ քսանմէկերորդ դարու առաջին տարին, երբ ցնծութեամբ ու հպարտութեամբ կը տօնենք Քրիստոնէութիւն որպէս Հայաստանի պետական կրօնի հռչակման 1700-ամեակը, մենք բոլորս, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, պետական, եկեղեցական եւ ժողովրդական մակարդակներու վրայ հոգեւոր զարթօնք մը ունենանք ու կրկին անգամ ազգովին նուիրուինք Յիսուս Քրիստոսի։

301 թուականին մեր նախնիքները ուխտ մը ըրին Յիսուս Քրիստոսի հետ։ Եթէ մեր ժողովուրդը կատարէ այդ ուխտէն մեզի բաժին ինկած յանձնառութիւնը, այն ատեն Աստուած ալ աւելիով պիտի օրհնէ մեր պզտիկ բայց թանկագին ազգը եւ զայն օրհնութեան աղբիւր մը պիտի ընէ ոչ միայն իր բոլոր զաւակներուն, այլեւ իր դրացի բոլոր ազգերուն ու համայն մարդկութեան համար։ Մենք կը հաւատանք թէ այդ է մեր ազգի գոյապատճառը, այդ է մեր ժողովուրդին առաքելութիւնը, այդ է մեր Հայկազնեան ցեղի երկնահաստատ ճակատագիրը։

Աստուած օրհնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ եւ մեր ազգի հայրենաբնակ ու արտերկրի բոլոր զաւակները հիմա եւ յաւիտեան։ Ամէն։

amaa.am